18 November, 2017

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԻ ԵՒ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՏԱԽՏԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ

«Լիբանանահայութիւնը Պիտի Շարունակէ Մնալ Սփիւռքահայութեան Սիրտը, Որ Միշտ Պիտի Բաբախէ Կայտառ, Որպէսզի Կարենայ Աւիւն Հայթայթել Մեր Միւս Գաղութներուն»

 

Հաստատեց  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի յիշատակարանի հաստատման եւ նուիրատուներու ցուցատախտակներու բացման պաշտօնական հանդիսութիւն:

 

Սրբազան հօր Տէրունական աղօթքէն եւ վեհափառ հայրապետին օրհնութեան աղօթքէն ետք, Ազգային միացեալ վարժարանի շրջափակին  մէջ տեղի ունեցաւ  վարժարանի յիշատակարանի եւ նուիրատուներու ցուցատախտակի քողազերծում:

 

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային միացեալ վարժարանին քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ նկատել տուաւ, թէ հայկական արժեհամակարգին մէջ իրենց ինքնուրոյն տեղը ունին այնպիտի հասկացողութիւններ, ընկալումներ եւ համոզումներ, որոնք տարիներու թաւալումին հետ կը շարունակեն մնալ այժմէական ու թելադրական, շնորհիւ մեր ժողովուրդի այդ արժէքներուն հանդէպ ցուցաբերած հաւատքին ու կառչածութեան` աւելցնելով, որ տուեալ հանգամանքները նաեւ յատուկ նկարագիր կու տան մեր հաւաքական կեանքին եւ միշտ ալ կը մնան ներշնչման ու լիցքաւորման աղբիւր: «Հայ մարդուն համար եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ ակումբին վրայ իր հարազատին անուան յիշատակումն ու քանդակումը սոսկ գոհունակութեան ապրում պատճառող գործօններ չեն, ո՛չ ալ յիշատակի յաւերժացման ինքնաբաւարարուածութեան զգացում մը, այլ` իր էութեամբ ու խորքով կ՛երթան շատ աւելի հեռու եւ կը զգենուն ազգային բովանդակ իմաստ ու տարողութիւն», հաստատեց Հաւաթեան` աւելցնելով, որ հայ մարդուն համար բարերարութիւնը առաքելութեան, ազնուականութեան, վեհանձնութեան եւ ազգասիրութեան նկարագրային գիծերու հարստացնող շաղախ մըն է, իսկ բարերար դառնալը վեհ ու նուիրական տեսիլքի եւ ձգտումի ամբողջական ապրում:

 

Շարունակելով իր խօսքը` Հաւաթեան յայտնեց, որ նիւթականացած այս դարուն, երբ բազմաթիւ հոգեմտաւոր արժէքներ նահանջի մէջ են, երբ ազգային նկարագիրը չի վայելեր հայ ժողովուրդի հատուածի մը հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը, հայ բարերարը եւ նուիրատուն կու գան մասնակից դառնալու հայկականութեան ջրդեղման ու հայու արժանապատուութեան պահպանման համար մղուող պայքարին: Հաւաթեան ըսաւ, որ Ազգային միացեալ վարժարանի յիշատակարանի կողքին արժանաւորապէս քանդակուած են վարժարանին յենասիւները հանդիսացող վեց վարժարաններու անունները: Այդ վեց դպրոցներէն թերաւարտ կամ շրջանաւարտ բոլոր աշակերտները, այս վարժարանի առաքելութեան մէջ պիտի տեսնեն իրենց նախկին հաստատութեան պատմական երթին շարունակութիւնը եւ առ այդ նեցուկ կանգնին մարդուժի պատրաստութեան ու մատակարարման ժամանակակից եւ արդիական այս նոր հնոցին: Այս առիթով Հաւաթեան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Ազգային Ս. Խանամիրեան եւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարաններու շրջանաւարտները այսօրուընէ արդէն կը վայելեն նաեւ Ազգային միացեալ վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալու կոչումը եւ մօտ օրէն իրենք հիմը կը դնեն Ազգային միացեալ վարժարանի շրջանաւարտից միութեան` իբրեւ բնական շարունակութիւն միաւորուած վարժարաններու անցեալի առաքելութեան: Յ. Հաւաթեան նկատել տուաւ, որ նուիրատուներն ու բարերարները հաւաքուած են անգամ մը եւս արտայայտելու լիբանանահայ գաղութի առաքելութեան նկատմամբ իրենց անքակտելի կառչածութիւնը` խոստանալով, որ պիտի շարունակեն իրենց անվերապահ ու անսակարկ զօրակցութիւնը: Հաւաթեան նշեց, որ անոնք կ՛ակնկալեն տեսնել այս կառոյցին արժանավայել ճառագայթումը մեր միջավայրին մէջ, նուաճումը կրթական պատկառելի մակարդակի` մեր գաղութը օժտելով օրինակելի շրջանաւարտներով, նաեւ կը հաւատան, որ դպրոցը պիտի տանի մշակութային գործունէութիւն` հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ բերելով իր վճռական մասնակցութիւնը:

 

Եզրափակելով իր խօսքը` Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան ծրագիրի իրագործման, յատկապէս առաջնորդ սրբազան հօր, որ իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրէն ամրօրէն կառչեցաւ ծրագիրի իրականացման եւ ներկայիս վարժարանին մէջ իբրեւ գլխաւոր պատասխանատու եւ դասատու լոյս ու գիտութիւն կը ջամբէ մատղաշ սերունդին:

 

Շահէ եպս. Փանոսեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ հակառակ մեզ շրջապատող կեանքի վերիվայրումներուն, դպրոցաշինութեան աշխատանքները հասան իրենց աւարտին: «Ազգային միացեալ վարժարանը կառուցուեցաւ  հայ դպրոցը պատուելու ու մեր համայնական կեանքին թարմ շունչ բերելու բաղձանքով, նաեւ որպէսզի նոր պայմաններու մէջ եւս մենք կարենանք նորահաս սերունդին փոխանցել ազգային հոգի, գիտակցութիւն եւ յիշողութիւն», շեշտեց սրբազան հայրը` յոյս յայտնելով, որ վարժարանի գործունէութիւնը վերածուի լիբանանահայ մեր կեանքի վերելքին ու ամրութեան նպաստող խանդավառ երթի, նաեւ մեր ազգային արժէքներու պաշտպանութեան համար բարձրացած ամրոցի:

 

 

Հանդիսութեան աւարտին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը: «Այսօր լիբանանահայութիւնը այս կրթական իրագործումով վերահաստատեց իր առանցքային դերակատարութիւնը սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ», շեշտեց Արամ Ա.  կաթողիկոսը` աւելցնելով, որ իրագործումները կ՛ենթադրեն հաւաքական աշխատանք, նուիրում, յանձնառութիւն, տեսիլք, եւ այս հասկացողութեամբ Ազգային միացեալ վարժարանը իրականացաւ իբրեւ առաքելութիւն, եւ լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ ինք կեդրոնական գաղութ է համահայկական իրականութեան մէջ: Վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ հաւաքական հաւատքով ու կամքով թոյլ պիտի չտանք, որ սփիւռքը մաշի` աւելցնելով, որ պիտի կազմակերպենք մեր գաղութներն ու թեմերը մեր բարերարներով, բարեկամներով, կառոյցներով` առանց ունենալու կրաւորական մօտեցում: «Ասիկա մեր դիմաց պայքար մըն է: Սփիւռքահայութեան վերակազմակերպումը Լիբանանէն պիտի սկսի: Լիբանանը պիտի ամրապնդէ իր առանցքային կեդրոնական դերը», հաստատեց Հայրապետը` շեշտելով, որ պէտք է վստահիլ մեր յանձնառու եւ նուիրեալ երիտասարդներուն, որոնցմով պիտի կերտենք մեր ժողովուրդի ապագան եւ վերակազմակերպենք սփիւռքը: Նորին Սրբութիւն նշեց, որ առկայ պայմաններուն համապատասխան կերպով վերատեսութեան պէտք է ենթարկուի կրթական համակարգը, եւ Ազգային միացեալ վարժարանը այս նախանձախնդրութեամբ ու մօտեցումով կարեւոր դեր պիտի կատարէ լիբանանահայութեան համար` մաղթելով, որ վարժարանը ընդարձակուելով գիշերօթիկի բաժին ունենայ, որպէսզի այլ գաղութներէն աշակերտներ եւս գան ուսանելու: «Լիբանանահայութիւնը գործնապէս պէտք է փաստէ, որ ինք կը շարունակէ մնալ սփիւռքահայութեան սիրտը, եւ իմ մաղթանքս է, որ այդ սիրտը միշտ բաբախէ կայտառ եւ առողջ կերպով, որպէսզի կարենայ աւիւն հայթայթել մեր միւս գաղութներուն», եզրափակեց Հայրապետը` օրհնելով եւ շնորհաւորելով բոլոր անոնք, որոնք մասնակից դարձան այս մեծ իրագործումին: