15 November, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱԶԻՃԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Այս առաւօտ, 14 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ Պատրիարք՝ Եազիճի Գ.ին ներկայացուցիչ, Աքքարի ու Թարթուսի առաջնորդ՝ Մետրոպոլիտ Պասիլիոս Մանսուրը։

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն։ Մետրոպոլիտ Պասիլիոս նաեւ պատգամ մը փոխանցեց Նորին Սրբութեան Եազիճի Պատրիարքին կողմէ։

More News