13 November, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ՝ ՊԱՏԱՀԱԾ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Այս առաւօտ, 13 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահին՝ Հասան Ռուհանիին ուղղած իր նամակով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Իրանի հայ համայնքին, իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Քերմանշահ նահանգին մէջ պատահած երկրաշարժին առիթով։

 

Իր ցաւակցական նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց նախագահին, որ կը բաժնէ իր եւ Իրանի ժողովուրդին ու յատկապէս երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն ու հարազատներուն խոր ցաւը՝ մաղթելով խաղաղ ու ապահով կեանք շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն։

More News