10 November, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԵՒԵԼՔ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Այս առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Բազմազանութեամբ արեւելք» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ Վերջերս Լիբանանի մէջ հաստատուած յիշեալ կազմակերպութիւնը կը ծրագրէ իր անդամակցութիւնը ընդլայնել՝ ներառելով Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ, քրիստոնեայ թէ՛ իսլամ։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նշեալ նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով Միջին Արեւելքին մէջ բազմազանութիւն պահելու եւ համագործակցաբար զայն աւելի ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։

More News