3 Նոյեմբերի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ

2 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ կառավարութեան արտաքին մարդասիրական օժանդակութեան գրասենեակի տնօրէն Տանիէլ Պէյէլերը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական Դրամանատան նախկին փոխ-կառավարիչ՝ Դոկտ. Մկրտիչ Պուլտուքեանի։

Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ Զուիցերիոյ պետութեան կողմէ Սուրիոյ կատարուելիք մարդասիրական օժանդակութեան մասին։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց քրիստոնեայ համայնքներուն ու մասնաւորաբար հայ համայնքին կարիքները եւ վերականգնումի աշխատանքներուն առնչուած առաջնահերթութիւնները։ Հայրապետը նաեւ թելադրեց, որ Հալէպի մէջ հանդիպում ունենայ Առաջնորդ Սրբազանին եւ համայնքային պատասխանատուներու հետ։

Յայտնենք, որ Զուիցերիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչը վաղը արդէն կը մեկնի Դամասկոս ու ապա Հալէպ։

More News