29 October, 2017

«ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է»

ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՇԵՇՏԵՑ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2017-ին, Աթէնքի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մը ուղղեց ժողովուրդին՝ յատկապէս շեշտելով եկեղեցին ժողովրդանուէր ծառայութեան վերածելու հրամայականը։

 

Իր հայրապետական պատգամին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Յունաստանի Հայոց Թեմի նորընտիր առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանին ընտրութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ սրբազանը իր ունեցած փորձառութիւնը, ուսումը ու հոգեմտաւոր կազմաւորումը ի սպաս պիտի դնէ ծառայութեան ճամբով Յունաստանի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն։

 

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ողջունեց նորընտիր Ազգային Վարչութիւնը եւ թելադրեց, որ առաջնորդ սրբազանին ու թեմի այլ կառոյցներուն հետ գործակցաբար աշխատին թեմին առաւել բարգաւաճման համար։

 

Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Քրիստոսի առաքելութեան ըսաւ, որ Քրիստոս ինքզինք ըմբռնեց որպէս ծառայ եւ իր առաքելութիւնը՝ որպէս ծառայութիւն։ Այս յանձնառութեամբ Աստուծոյ Որդին իր երկրաւոր առաքելութիւնը իրագործեց՝ Նազարէթէն սկսեալ մինչեւ Գողգոթա։ Իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին Քրիստոս թելադրեց իր աշակերտներուն ծառայելու մարդոց։ Այս է եկեղեցւոյ գոյութեան նպատակը ու առաքելութեան իմաստը։ Այլ խօսքով, եկեղեցին իր հարազատ էութիւնը կը ստանայ ծառայելո՛վ։ Ծառայութիւնն է նաեւ եկեղեցւոյ հեղինակութեան աղբիւրը, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը

 

Խօսելով Հայ Եկեղեցւոյ մասին, Հայրապետը ըսաւ, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, մեր եկեղեցին կոչուած է ծառայելու մեր ժողովուրդին, հոգալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքները՝ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, բաժնելու մեր ժողովուրդին մտահոգութիւններն ու ցաւերը, գործնապէս դառնալով ժողովուրդի՛ն եկեղեցին. հետեւաբար, Հայ Եկեղեցին իր հեղինակութիւնը կը կերտէ ծառայութեամբ՝ ինչպէս Քրիստոս ըրաւ։ Ինչպէս մեր բոլոր գաղութներէն ներս, Յունաստանի մէջ եւս, մեր եկեղեցին կոչուած է ծառայելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ մեր ժողովուրդին նուիրումով ծառայելու կոչուած հոգեւորականներ կը պատրաստուին Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ։ Հոն կը լեցուին մեր պատմութեան շունչով ու ոգիով, մեր աւանդութիւններով, արժէքներով, հայրենիքին ու ազգին համար պայքարելու ու նոյնիսկ զոհուելու գիտակցութեամբ. եւ ուր որ մեր միաբանները կը ծառայեն միայն պատիւ կը բերեն մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որովհետեւ անոնք կը ծառայեն նուիրումով, հաւատարմութեամբ, մեր ժողովուրդի ծառայութիւնը միայն նկատելով իրենց կեանքին ճանապարհը։ Հոս, ձեր թեմէն ներս ահաւասիկ, առաջնորդ սրբազանին շուրջ ունիք միաբաններ, որոնք ծառայական նոյն ոգիով իրենց կարելին կ՚ընեն օգտական հանդիսանալու թեմի բազմազան ու այլազան կարիքներուն, նշեց Վեհափառ Հայրապետը։

 

Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց թեմէն ներս գործող բոլոր կառոյցները, մարմինները եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, եւ կոչ ուղղեց միասնական ոգիով Հայաստանին ու Արցախին գործնապէս զօրակցելու յանձնառութեամբ ապրին ու գործեն։

 

Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ապա Ազգային Վարչութիւնը պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։

 

Ճաշկերոյթին ներկայ էին Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին ներկայացուցիչները, Առաջնորդ Սրբազանին կողքին ներկայ էին նաեւ ազգային մարմիններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչները՝ Աթէնքէն, Սելանիկէ եւ այլ շրջաններէն։

 

Յաջորդաբար խօսք առին Ազգային Վարութեան ատենապետ՝ Պօղոս Չոլաքեանը, հայ աւետարանական համայնքի վերապետուելի՝ Վիգէն Չոլաքեան, Կեդրոնական Կոմիտէի հերթապահ՝ Քերոբ Էքիզեան, Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետին ներկայացուցիչը, Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ աւարտին Վեհափառ Հայրապետը։ Բոլոր խօսք առնողները շեշտեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարած ծառայութիւնը Յունաստանի գաղութէն ներս, ինչպէս նաեւ հայ ու յոյն եկեղեցիներու դարաւոր պատմութիւնը։

 

Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր փակման խօսքին մէջ նախ ողջունեց յոյն եկեղեցւոյ պատրիարքին ներկայացուցիչները՝ յիշելով, որ մեր երկու եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութիւնը անհրաժեշտ է աւելի ամրացնել։ Խօսելով յունահայ թեմին մասին, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ներդաշնակ գործակցութեան կարեւորութեան համայնքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն միջեւ։

 

Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգով։

More News