12 October, 2017

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Այս առաւօտ, 12 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշեր այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք, ուր հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։

 

Վերջերս նշանակուած ըլլալով Ֆրանսայի դեսպան Լիբանանի մօտ, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցները, թեմերը եւ առաքելութեան զանազան բնագաւառները։ Որպէս նախկին դեսպան Իրանի մօտ եւ մօտէն ճանչցած ըլլալով Իրանի հայութիւնը, Նորին Սրբութեան եւ դեսպանին խօսակցութեան նիւթը առաջին հերթին առաւելաբար յատկացուեցաւ Իրանին ու անոր հայ համայնքին։ Ապա լայն անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն. Վեհափառ Հայրապետը իր տեսակէտները պարզեց, իսկ դեսպանը իր կարգին ներկայացուց Ֆրանսայի մօտեցումները։ Դեսպանը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս խնդիրները քաղաքական երկխօսութեամբ լուծելու, ժողովրդավարական սկզբունքները յարգելու եւ քրիստոնեայ համայնքներուն կարեւորութիւնը շեշտելու անհրաժեշտութեան։

 

Խօսելով Լիբանանի մասին, թէ՛ Նորին Սրբութիւնը եւ թէ դեսպանը ողջունեցին երկրէն ներս տիրող ապահովութիւնը եւ կառավարութեան կողմէ նախաձեռնուած տնտեսական ու ընկերային կարեւոր ծրագիրները։

 

Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու դեսպանը նաեւ անդրադարձան Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ տակաւ զարգացող գործակցութեան, ինչպէս նաեւ հայ ու ֆրանսացի ժողովուրդներուն դարաւոր բարեկամութեան։ Այս ծիրէն ներս Հայրապետը ողջունեց Ֆրանսայի ամուր կեցուածքը Հայ Դատին նկատմամբ։

 

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման աւարտին, դեսպանը այցելեց նահատակաց մատուռ եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցանեց Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն։