News

ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

10 October 2017

Այսօր, 10 Հոկտեմբեր 2017-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան օժանդակութեամբ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ հրատարակուող «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ նուիրուած յուշամատեաններ»-ու մատենաշարին շնորհահանդէսը։ Նշենք, որ ցարդ հրատարակուած են Ատանայի, Տարօնի, Անթէպի (2 հատորով), Հաճընի, Ուրֆայի, Կիւրիւնի, Քեսապի, Մարաշի եւ Զէյթունի, Կեսարիոյ (2 հատորով), Արաբկիրի (2 հատորով) եւ Րումտիկինի յուշամատեանները։

 

Այս առիթով, ստորեւ կը վերահրատարակենք սոյն յուշամատեաններուն նուիրուած Նորին Սրբութեան Հայրապետական խօսքը։

 


 

ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

 

Հաւաքական յիշողութիւնը ամուր կռուանը կը հանդիսանայ ժողովուրդի մը գոյութեան եւ երաշխիքը՝ անոր յաւերժութեան։ Ժողովուրդներու պատմութիւնը, կրօնքը, քաղաքակրթութիւնը ու մշակոյթը իրենց ընթացքը, կազմաւորումը ու զարգացումը կը ստանան հաւաքական յիշողութենէն։ Մեր ժողովուրդը եւս ունի իր հարուստ հաւաքական յիշողութիւնը, երբեմն արձանագրուած, երբեմն՝ անգիր, երբեմն ամբողջութեամբ փոխանցուած, երբեմն՝ մասնակի կերպով։ Անհրաժեշտ է մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն առնչուած մեր հաւաքական յիշողութիւնը ճշգրիտ ու ամբողջական կերպով փոխանցել նոր սերունդներուն։

 

Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, աւաններուն ու գիւղերուն մասին մեզի փոխանցուած տեղեկութիւնները կարեւոր մասը կը կազմեն մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան։ Անոնց մէկ մասը օրին գրի առնուած ու հրատարակուած է. իսկ մէկ մասը կը մնայ անտիպ։ Մեր ժողովուրդի պատմութեան վերջին ժամանակներուն կապուած դէպքերու ու երեւոյթներու, իրագործումներու ու զարգացումներու ամբողջական հրատարակութիւնը կը նկատենք կենսական՝ առաջին, որպէսզի մեր ժողովուրդի պատմութիւնը դառնայ աւելի համապարփակ ու ամբողջական. երկրորդ, որպէսզի հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարը վերանորոգ թափով շարունակուի ու աւելի՛ հզօրանայ պատմական աւելի ամուր հիմերու վրայ. եւ երրորդ, որպէսզի նոր սերունդները աւելի մօտէն հաղորդուին իրենց ժողովուրդի մօտաւոր անցեալի պատմութեան հետ։

 

Արդարեւ, անցեալը կը դառնայ անցած, երբ զայն չբանանք մեր առջեւ։ Անցեալը կը մնայ թաղուած փոշիներու տակ, երբ զայն լոյսին չբերենք։ Ներկան իր արմատները ունի անցեալին մէջ։ Պէտք է երթանք մեր արմատներուն, որպէսզի մեր ներկան աւշաւորենք մեր անցեալով ու ապագան հունաւորենք անցեալի հաւատքով, պայքարով ու տեսիլքով։

 

Ահա այս նախանձախնդրութենէն ու սպասումէն մեկնելով, հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, որոշեցինք հրատարակութեան յանձնել Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայահոծ շրջաններուն մասին տպուած յուշամատեանները։ Այս յուշամատեաններէն ոմանք յարաբերաբար ամբողջական պատկերը կը ներկայացնեն տուեալ շրջանի մը հայութեան կեանքին. ուրիշներ աւելի մասնակի են. ոմանք լուրջ ուսումնասիրութիւններ են, ուրիշներ աւելի անձնական յուշեր են։ Սակայն, բոլորին պարագային ալ, կարեւոր տեղեկութիւններ կը պարունակեն ընդհանրապէս տուեալ շրջանի մեր ժողովուրդի պատմութեան ու յատկապէս Ցեղասպանութիւնը կանխող ու անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին մեր ժողովուրդի դիմագրաւած ահաւոր տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին։

 

Աւելի քան հարիւր յուշամատեաններ անցեալին արդէն իսկ հրատարակուած են, եւ այսօր փաստօրէն մատչելի չեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ ու Մեր հովանաւորութեամբ յառաջիկայ տարիներուն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի յանձնուի յուշամատեաններու շարքը, որ պիտի ընդգրկէ շուրջ հարիւր հատոր։ Կրկնութենէ խուսափելու համար շրջանի մը մասին հրատարակուած երբեմն մէկէ աւելի գործերուն մէջէն պիտի ընտրենք յարմարագոյնը՝ նկատի ունենալով որոշ սկզբունքներ։ Շարքը պիտի ըլլայ միաձեւ՝ ծաւալով, չափով, թուղթի տեսակով եւ այլ մանրամասնութիւններով։ Վերահրատարակութեան ընթացքին անհրաժեշտ սրբագրութիւններ կամ յաւելումներ պիտի կատարուին յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ։ Իսկ այն շրջանները, որոնց պատմութիւնը ցարդ գրի չէ առնուած, եւ այդ ուղղութեամբ լուրջ ուսումնասիրութիւններ կը ներկայացուին, յանձնախումբը պատրաստ է զանոնք քննելու եւ համապատասխան որոշում առնելու։

 

Մեր նպատակն է բարձր տպաքանակով իրագործել այս եզակի ծրագիրը եւ յուշամատեաններու պատկառելի այս շարքը նուիրել Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր միութիւններուն, կրթական կառոյցներուն ու մատենադարաններուն։

 

Կոչ կ՚ուղղենք մեր հայրենակցական միութիւններուն, հաստատութիւններուն, բարերարներուն ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ստանձնելու մեկենասութիւնը ծրագրուած շարքին պատկանող հատորի մը։ Կը հաւատանք, որ այս ձեւով մենք ոչ միայն մասնակից կը դառնանք Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային նշումին, մեր ժողովուրդի ազգային պահանջատիրութեան, այլ նաեւ փրկած կþըլլանք մեր ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր մէկ ժամանակահատուածի հաւաքական յիշողութիւնը։

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

16 Յունիս 2012

Անթիլիաս, Լիբանան