10 Հոկտեմբերի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2017-ին առաւօտեան, Պիքֆայայի վանքի իր նստավայրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը ընդունեց «Արարատ» օրաթերթի պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ օրաթերթի տնօրէնուհի Տիկ. Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի եւ ընկերացկութեամբ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի անդամ Տոքթ. Սարգիս Պետիկեանի եւ Սահակ Ղարիպեանի։

 

Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնները կեդրոնացան Հայրենիք-Սփիւռք յուզող հարցերուն շուրջ, ուր Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Սփիւռքի մէջ հայապահպանման կարեւորութիւնը եւ գնահատեց հայ մամուլին վստահուած դերն ու առաքելութիւնը։

 

Իր կարգին, Տիկ. Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան նշեց, թէ այս տարի կը զուգադիպի «Արարատ» օրաթերթի հիմնադրութեան 80-ամեակին, վստահեցնելով, որ օրաթերթը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, մնալով միշտ պատնէշի վրայ, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններուն։ Ան ըսաւ. «Ձեր օրինակելի ու վարակիչ կեցուածքներով, դուք ոգեւորած էք նաեւ հայ գիրի նուիրեալներն ու մշակները»։

 

Անդրադարձ եղաւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համագումարին, որ վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։

 

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը յաջողութիւն մաղթեց, կարեւորելով հայ մամուլի առաքելութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս։

 

More News