6 Հոկտեմբերի, 2017

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն վերականգնումի կարեւորութիւնը շեշտող այս բառերով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հոլանտայի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ՝ Րընէ Տը Րէօվէր եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանար նշեալ խորհուրդի ծրագիրներու պատասխանատու Դոկտ. Ֆիժէ Տուիմի եւ տեղեկատուական բաժանմունքի խորհուրդի վարիչ Դոկտ. Րոպ Վան Ուիժընի։

 

 

Լիբանան եւ Սուրիա այցելութիւն տուող այս պատուիրակութեան նպատակն է մօտէն տեղեակ դառնալու եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու նախաձեռնած ծրագիրներուն, յատկապէս Սուրիոյ տարածքին։ Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն ընդհանրապէս ու հայ համայնքին մասին յատկապէս։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ քաղաքական ու ապահովական զարգացումներու լոյսին տակ, Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն օժանդակութիւնը պէտք է կատարուի վերականգնումի ու վերակառուցման ծրագիրներուն համար, բնականաբար առանց անտեսելու կարիքաւոր ընտանիքները։ Այս շրջագիծէն ներս Վեհափառ Հայրապետը վեր առաւ միջին պիզնեսներու նիւթապէս նեցուկ կանգնելու հրամայականը՝ թէ՛ օժանդակութիւն եւ թէ փոխատուութիւն կատարելով։ Հայրապետը նաեւ առաջարկեց, որ որեւէ գործնական քայլի դիմելէ առաջ անհրաժեշտ է քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հետ հանդիպումներ կատարել եւ ապա ճշդել ծրագիրները՝ յատկապէս Հալէպի մէջ։

 

More News