5 October, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ ԿԱՊՐԻԷԼ ԳԱՉԻԱ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2017-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ Կապրիէլ Գաչիա Եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանար անոր փոխանորդը։ Պապական նուիրակը եկած էր Լիբանանէն ներս իր ութ տարիներու ծառայութեան աւարտին, եւ իր նոր պաշտօնատեղին՝ Ֆիլիփփինի կղզիները մեկնելէն առաջ, Վեհափառ Հայրապետին իր բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու։

 

Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ, որ անդրադարձ կատարուի Լիբանանի այժմու կացութեան, Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ տակաւ աճող գործակցութեան։ Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Պապական նուիրակին Լիբանանէն ներս կատարած ծառայութեան եւ իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց անոր առջեւ բացուող նոր առաքելութեան գծով։ Հայրապետը միաժամանակ շեշտեց Վատիկանի ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան պահպանման եւ քրիստոսնեայ-իսլամ գոյակցութեան ամրապնդման ծիրէն ներս։

 

More News