4 Հոկտեմբերի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱԿ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Այսօր երեկոյեան, 4 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ՝ Տիար Վարդան Նազիրեանի, Լոս Անճելըսէն, ընկերակցութեամբ Տիար Յարութիւն Երկանեանի՝ Հայաստանի ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն եւ յատկապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան՝ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին լոյսին տակ։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրացնելու հրամայականը՝ հակառակ գոյութիւն ունեցող տեսակէտներու ու մօտեցումներու տարբերութեան։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատելով երեք կուսակցութիւններու դերը՝ շեշտեց գաղութներէն ներս միջ-կուսակցական գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը։

 

 

More News