1 October, 2017

ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

19-էն 21 Սեպտեմբեր 2017-ին, Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառ ու Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Սուրբ Գիրքի Միացեալ Ընկերութեան մնայուն յանձնախումբին հանդիպումը։ Սոյն ժողովին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանը, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանը։

Խօսք առնելով Կոմիտաս Սրբազանը ժողովականներուն փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները, եւ շեշտեց Սուրբ Գիրքի Միացեալ Ընկերութեան եւ Ուղղափառ ու Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Ապա, երեք օրերու վրայ տարածուած ժողովական աշխատանքները կեդրոնացան Աստուածաշունչի թարգմանութեան ու տարածման կարելիութիւններուն վրայ։

 

More News