29 September, 2017

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի մէջ ընդունեց Ալեքս եւ Սեւակ Շիմշիրեան եղբայրները, որոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին յայտնելու իրենց որդիական երախտագիտութիւնն ու ստանալու անոր օրհնութիւնը։

 

Շիմշիրեան եղբայրները Վիեննայի «Volkskundemuseum Wien» ֆոլքլորի թանգարանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, թէ՛ որպէս հայ եւ թէ՛ որպէս Լիբանանցի, իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Սեպտեմբեր 7-էն 10 տեղի ունեցած Միջազգային ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէսին «Autumn Art Salon -Vienna 2017» ու առաջնութիւն շահած։ Անոնց քանդակին թեման էր «Sharing The Healing», նուիրուած՝ քաղցկեղէ տառապող եւ անոնց հանդէպ գուրգուրանք ցուցաբերող անձերու։ Նորին Սրբութիւնը բարձրօրէն գնահատեց Շիմշիրեան եղբայրները՝ յիշեցնելով, որ սփիւռքահայ կեանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յանձնառու կը մնայ հայ արուեստի տարածման եւ կը քաջալերէ բոլոր այն երիտասարդները, որոնք 21-րդ դարու համամարդկային արժէքներու ժխորին մէջ հայկականին կառչած կը մնան եւ նոր ստեղծագործութիւններով կը նպաստեն մեր արժէքներուն առաւել հարստացման։

 

Նշենք, որ անցնող Մայիս 28-ին, Վեհափառ Հայրապետին ծննդեան 70-ամեակին առիթով, Շիմշիրեան եղբայրները Վեհափառ Հայրապետին կիսանդրին քանդակեցին ու նուիրեցին Կաթողիկոսարանին։

More News