1 September, 2017

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԱՂԻ ԽՈՐՀՐԴԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան Հրատարակչական Հիմնադրամի 21-րդ հատորը՝ «Հոգեւոր տաղի խորհրդաբանութիւնը», Անթիլիաս, 2017, 328 էջ, Հայկազուն Ալվրցեանի հեղինակութեամբ։

 

Հատորը կը խօսի Սուրբ Գիրքին՝ քրիստոնէական եւ յատկապէս հայկական միջնադարեան մշակոյթին հիմքը ըլլալուն մասին, իր հոգեւոր, բարոյական ու գաղափարական եւ եկեղեցւոյ դաւանաբանական առանցքներով։ Հեղինակը կը նշէ, թէ հայ եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական ողջ գրականութիւնը, մասնաւորապէս չափածոյ խօսքի նոր լեզուամտածողութիւնը, բառապաշարը, պատկերային ու խորհրդային ինքնատիպ համակարգը Աստուածաշունչին վրայ պայմանաւորուած է։ Առ այդ, հոգեւոր բանաստեղծութեան խորհրդաբանական խօսքի բուն էութիւնը խարսխուած է այն անսասան հաւատքին վրայ, թէ նիւթական աշխարհը խորհրդանշական արտացոլացումն է ոչ­-նիւթական աշխարհին։

 

 

 

More News