22 Օգոստոսի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ ԿԸ ՄԱՂԹԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՎԻՐԱՒՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

 22 Օգոստոսին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանիս Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. մանուէլեան եւ Վեհափառ Հայրապետին գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան, այցելութիւն տուին լիբանանեան բանակին ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներուն դէմ մղած ճակատամարտի ընթացքին վիրաւոր զինուորներուն։ Հայր սուրբերը աղօթեցին եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին անոնց։

Նշենք, որ «Բարձրունքներու Արշալոյսը» անունով լիբանանեան բանակի զինուորական գործողութիւնը սկսաւ Շաբաթ օր, Ռաս Պաալպէքի եւ Քաայի բարձրունքներէն, ծայրայեղականներու կեդրոնները քանդելու եւ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու նպատակով։ Ըստ լրատուամիջոցներուն, բանակը մինչեւ ժամս յառաջդիմութիւն կ՚արձանագրէ տուած ըլլալով երեք նահատակներ եւ շուրջ տասը վիրաւորներ, որոնց շարքին՝ հայազգի Սեպուհ Կիրակոսեանը։

More News