13 August, 2017

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԸ ՈՂՈՂՈՒԵՑԱՒ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՄԲ

Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը յատուկ տեղ եւ իմաստ ունի մեր ժողովուրդի ազգային ու հոգեւոր կեանքին մէջ։ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի «Ուխտի Օր»ը ամէն տարի կը տօնախմբուի հանդիսաւորապէս, յատուկ արարողութիւններով եւ ժողովրդական աւանդութիւններով։

Արդարեւ, 12 Օգոստոս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու հաւատացեալներու հոծ բազմութեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի «Ուխտի Օր»ուան առիթով մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ Ս. Նահատակաց բացօդեայ խորանին վրայ։ Օրուան պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանը, իսկ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի։

Պատարագի աւարտին, միաբան հայրերէ կազմուած թափօրը դէպի խորան առաջնորդեց Նորին Սրբութիւնը, ուր Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ հայրերու կանոններուն համաձայն ընթերցեց Աստուածամօր ուղղուած գոհաբանական աղօթքը եւ օրհնեց Ս. Աստուածածնին որպէս երախայրիք ընծայաբերուած մատաղն ու խաղողը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց ներկայ հոծ բազմութեան՝ խօսելով Աստուածամօր յատկանիշերուն մասին։ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ յատկապէս յիշեց երեք կարեւոր թեմաներ. ա) Աստուածամօր մայրութեան տիպարը, բ) Երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս, եւ գ) հայու ինքնութեան հարցը։

Խօսելով Աստուածածնին տիպար մայր ըլլալու հանգամանքին մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մեր մայրերն ու քոյրերը իրենց կեանքին դիմաց պէտք է միշտ ունենան Ս. Մարիամ Աստուածածինը, անոր աղօթական ու ծառայական կեանքը, երկնային շնորհներով լեցուն անձը պէտք է ուղեգիծը դառնայ մեր մայրերուն ու քոյրերուն յատկապէս ներկայ աշխարհին մէջ, ուր ամէն տեղ շրջապատուած ենք մեզ մոլորեցնող բազմազան երեւոյթներով»։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ երիտասարդութեան կարեւորութեան ու դերակատարութեան եկեղեցական ու ազգային կեանքէն ներս՝ ըսելով. «Կը յիշեցնենք մեր երիտասարդներուն, թէ մեր եկեղեցին իրենց հետ է. մենք կը գնահատենք մեր երիտասարդները, կը վստահինք մեր երիտասարդութեան ու կը սպասենք, որ հեռու չմնան մեր կեանքէն եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն մեր հաւաքական կեանքին, բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ։ Նաեւ կը թելադրենք մեր պատասխանատու կառոյցներուն, որ լայն տեղ յատկացնեն մեր երիտասարդներուն քաջալերելով զանոնք, որ իրենց ունեցած կարելիութիւններէն ու կարողականութենէն առաւելագոյն չափով ներդրում կատարեն մեր հաւաքական կեանքին»։

Վերջապէս, անդրադառնալով Սփիւռքի հայուն ինքնութեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց. «Մեր մօտեցումը մօտիկ անցեալին եղած է պարագայական ու երբեմն՝ մակերեսային։ Ժամանակն է, որ լուրջ մօտեցում ունենանք այս յոյժ կարեւոր հարցին նկատմամբ, որովհետեւ այսօր, փաստօրէն, մէկ կողմէն՝ Հայաստանէն արտագաղթած մեր ժողովուրդի զաւակներով աւելի ծաւալած է հայ սփիւռքը եւ նորանոր խնդիրներով ու մարտահրաւէրներով ծանրաբեռնուած, իսկ միւս կողմէ՝ շրջապատուած է այնպիսի հոսանքներով, որոնք սկսած են մաշեցնել հայու ինքնութիւնը։ Չմոռնանք, որ Ցեղասպանութենէն յետոյ սփիւռք դարձած հայը ամէնօրեայ պայքարի վերածեց իր կեանքը եւ թոյլ չտուաւ որ սպիտակ ջարդը աշխարհի երեսէն ամբողջութեամբ բնաջնջէ հայ ժողովուրդը։ Ներկայ ժամանակներուն մեզ շրջապատող ահաւոր վտանգներուն դիմաց մենք պարտաւոր ենք առողջ եւ հզօր պահելու մեր ինքնութիւնը»։

Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները հաղորդակից դառնալով Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնի խորհուրդին՝ ստացան համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար օրհնուած մատաղը եւ աստուածային զոհագործումի, բարիքներու եւ բարրիութեան խորհրդանիշ հանդիսացող խաղողի այս տարուան առաջին օրհնուած ճիռերը։ Յայտնենք, որ «Ուխտի Օր»ուան Պատարագը արբանեակային պատկերասփիւռի կայանով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը, հայրենիքի թէ աշխարհի տարբեր ծայրամասերուն ապրող ժողովուրդի մեր զաւակները եւս հաղորդակից դարձնելով հոգեթով արարողութիւններուն։

More News