28 July, 2017

«ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆ ԱՌԱՒԵԼ ՈՐԱԿ ՏԱԼՈՒ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս սպասումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երէկ գիշեր՝ Հինգշաբթի, 27 Յուլիս 2017-ին, ողջունեց համալսարանաւարտները Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, իրենց ի պատիւ տրուած ընթրիքին ընթացքին։ «Ոեւէ ընկերութեան ամէնէն կենսական երակը կը կազմեն մասնագիտութեամբ թրծուած երիտասարդ համալսարանականները։ Անոնք է որ ընկերութեան կեանքը կը դնեն զարգացման ու յառաջդիմութեան մնայուն ընթացքի մէջ։ Անոնք է որ տուեալ ընկերութիւնը կը բանան ներկայ աշխարհի նոր զարգացումներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ կ’առաջնորդեն դէպի նոր հորիզոններ։ Առանց մասնագիտութեամբ հարուստ երիտասարդութեան ընկերութիւն մը պիտի մնայ մարդկային կեանքի լուսանցքին վրայ՝ կորսնցնելով իր դիմագիծն ու դերակատարութիւնը համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ»։ Այս ընդհանուր ակնարկէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց համալսարանաւարտներուն առաւել աշխոյժութեամբ ու հետեւողականութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերեն հայ կեանքին՝ շեշտելով. «Մեր կեանքէն ներս մարդուժի կարիքը զգալի է ամէն տեղ ու բոլոր մարզերէն ներս։ Առաւել քան երբեք, այսօր մենք հրամայական կարիքն ունինք մասնագիտութեան տէր երիտասարդներու, որպէսզի մեր կեանքը դարձնենք աւելի կազմակերպ ու կենսունակ՝ զայն առաջնորդելով դէպի նորանոր իրագործումներու»։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է գործնապէս զօրակից ու աջակից դառնալու համալսարանական թէ համալսարանաւարտ մեր երիտասարդներուն բոլոր գաղութներէն ներս։

            Յիշենք, որ սոյն զրոյց-հաւաքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի ատենապետ՝ Յակոբ Հանտեան։ Ան բարի գալուստի խօսքէն ետք, հրաւիրեց երիտասարդները իրենց մտահոգութիւններն ու առաջարկները ներկայացնելու եւ բարձրաձայն մտածելու հայ կեանքը յուզող հարցերու շուրջ, եւ առաւել քան տասը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ իրենց մտահոգութիւնները բաժնեցին ներկաներուն հետ։

            Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ կը գործեն Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) եւ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը (Հ.Հ.Հ.)։ Երկու միութիւններն ալ ունին իրենց ուղղեգիծները, վարչութիւնները եւ խորհրդատու միաբան հայրեր։ Անոնք յաճախակի առիթներով կ’այցելեն Վեհափառ Հայրապետին՝ ունենալու համար անոր թելադրանքները։

 

More News