20 July, 2017

«ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒԻՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 20 Յուլիս 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքներու գործակցութեամբ կազմակերպուած «Սուրբ Գրոց Ամառնային Վարժարան»ի աշակերտները։ Հակառակ այն իրողութեան, որ յիշեալ հանդիպումը չէր ծրագրուած, սակայն Նորին Սրբութիւնը շուրջ կէս ժամ հանդիպում ունեցաւ անոնց հետ, լսեց աշակերտները, իր հայրական թելադրութիւնները փոխանցեց եւ գնահատեց դասատու հոգեւոր հայրերն ու ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն մասնակցութիւնը յիշեալ դասընթացքին։ Այս առիթով, Հայրապետը իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց, որ մեր մանուկներն ու պատանիները պէտք է կազմաւորուին մեր ազգի հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով։

More News