14 Հուլիսի, 2017

«Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» Խորագրեալ Համախմբումը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

«Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համախմբումը երէկ` Հինգշաբթի, 13 Յուլիսին աւարտեց իր աշխատանքները` յայտարարութիւն մը բանաձեւելով:
 
Վերջին օրուան առաջին նիստին նիւթն էր «Ո՞վ է Սփիւռքի հայը. ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ (Ինքնութեան պահպանո՞ւմ, վերանորոգո՞ւմ, նոր հասկացողութի՞ւն, նոր մօտեցո՞ւմ)», անոր ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան Շիրազ Ճէրէճեան, դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան եւ դոկտ. Նանոր Խաչերեան:
 
Շիրազ Ճէրէճեան օրինակներու վրայ հիմնուելով լուսարձակի տակ առաւ անհատ մը հայ նկատել-չնկատելու մեծ հարցականը` դիտել տալով, որ ներկայիս պէտք է առաւել քան երբեք կապուիլ մշակոյթին, չբաւարարուիլ միայն հայ զգալով, այլ նաեւ ամրագրել հայ ըլլալու տուեալները, աւելի հայ մնալ ու նուազ ձուլուիլ: Ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ հայկականութիւնը պահելէ անդին անցնիլն ու զայն նոր սերունդներուն փոխանցելը, այլապէս շարունակականութիւնը կարելի պիտի չըլլայ երաշխաւորել: Շիրազ Ճէրէճեան ինքնութեան պահպանումը դժուար ու զոհողութիւն պահանջող հոլովոյթ նկատելով` հաստատեց, որ, հակառակ ասոր, պէտք է յանձնառու մնալ մեր արմատներուն` համակերպելով սփիւռքեան տարբեր իրավիճակներու, սակայն միշտ պահպանելով հայկականը: Զեկուցաբերը կարեւոր նկատեց չտարուիլ զգացական զեղումներով, այլ ունենալ քննական միտք եւ առարկայական մօտեցում, չբաւարարուիլ զգալով, այլ գործել, մտածել, առողջ քննարկում կատարել, յանձնառու մնալ հայկականութեան, Հայաստանն ու Արցախը ամէնօրեայ կեանքին մէկ բաժինը նկատել, երբեք չմոռնալ Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան, մեր հողերուն վերատիրանալու ձգտումը միշտ վառ պահել, որքան ալ երազային նկատուի ատիկա:
 
Դոկտ. Նանոր Խաչերեան դիտել տուաւ, որ, թէեւ սովորութիւն դարձած է սփիւռքահայերը բաժնել զանազան խմբաւորումներու, սակայն խորքին մէջ սփիւռքեան իրականութիւնը այնպէս է, որ իւրաքանչիւրը ունի իր կեանքի ընկալման ձեւը, հայրենիքի նկատմամբ մօտեցումը, ազգային նկարագիրին վերաբերող դրսեւորումը: Դոկտորական իր թէզին վրայ հիմնուելով հայրենիք հաստատուած սփիւռքահայերու փորձառութիւններէն, գաղափարներէն եւ մտածումներէն օրինակներ տալով` զեկուցաբերը լուսարձակի տակ առաւ հիմնական քանի մը ուղղութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ սփիւռքահայերը ինչպէ՛ս կը մօտենան հայրենիքին եւ հայկական իրականութեան: Այդ ուղղութիւններուն առաջինը ինքնահաստատման խնդիրներն են, ինքնութեան փնտռտուքը եւ սփիւռքեան քիչ մը անորոշ ու տարբեր ըլլալու վիճակէն աւելի կայուն խարիսխ ունենալու ձգտումը, երկրորդը` ազգային ինքնութեան պահպանման խնդիրն է, հին ու նոր սերունդներու միջեւ կամրջումը, այն երեւոյթը, որ ներկայ սերունդը ինքզինք օղակ կը նկատէ, կը կարծէ, թէ հայկականութեան պահպանման պայքարը կարելի է շարունակել Սփիւռքի մէջ, իսկ ուրիշներ առաջնահերթ կը նկատեն Հայաստան հաստատուիլը: Երրորդ ուղղութիւնը հայրենաշինութեան եւ հայրենիքի ամրապնդման նպաստելուն կը վերաբերի, երբ սփիւռքահայեր ունին այն մօտեցումը, որ հայրենիքը իբրեւ տարածք իրենց ներդրումին կարիքը ունի, չորրորդը մարդակերտման եւ համամարդկային արժէքներու պահպանման խնդիրն է, ուր իբրեւ մարդ գոյատեւելն ու գործելը առաջնահերթ է, իսկ հայրենիքի մէջ ըլլալը պէտք է այդ մարդկային տուեալները ապահովէ, հինգերորդ եւ վերջին ուղղութիւնը աշխարհաքաղաքացիութեան եւ համայն աշխարհի բարօրութեան կը վերաբերի, այս գաղափարին կողմնակիցները կը հաւատան, որ իրենք ինքնութեան սահմանափակում չունին, այլ աշխարհաքաղաքացի են, յստակ տուն չունին, այլ բոլոր երկիրներն ալ բնակարան են, այնքան ատեն որ իրենք կրնան ներդրում ունենալ անոնց զարգացման մէջ: Ըստ Նանոր Խաչերեանի, Սփիւռքի մէջ առկայ այս հակասական ուղղութիւնները, նոյնանալով հանդերձ տարբերուելու պարագան, փոխուելով հանդերձ կայուն մնալու մօտեցումը, բայց եւ այնպէս այս տարբեր ուղղութիւնները կրնան միասնաբար գոյութիւն ունենալ: Ուստի, ըստ զեկուցաբերին, պէտք է մշակել քաղաքականութիւն մը, որպէսզի ճշդուին սկզբունքները տարբեր առաջնահերթութիւններ ունեցող սփիւռքահայերուն ներուժը լաւագոյնս օգտագործելու` վասն հայանպաստ եւ հայաստանանպաստ ծրագիրներու իրականացման:
 
Երրորդ զեկուցաբերը` դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, լուսարձակի տակ առաւ իր աշխատանքին բերումով միջազգային ասպարէզին մէջ միշտ ազգայինը փնտռելու հեւքը եւ տարբեր տեսակի ու այլազան մօտեցումներու տէր հայերու հետ ունեցած հանդիպումներէն փոխանցուած պատգամները: Ան հաստատեց, որ, հակառակ բազում մարտահրաւէրներուն ու հարցերուն, միշտ ալ դրական իրավիճակներ կան, սակայն կայ նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքին ձգած անդառնալի ազդեցութիւնը, որ կարգ մը գաղութներու պարագային կործանարար է: Ըստ դոկտ. Ճէպէճեանի, նախապէս ինքնութեան պահպանումը աւելի դիւրին էր, որովհետեւ կեթոյական մօտեցումը առկայ էր, սակայն այս դարուս նման բան կարելի չէ, այդ պատճառով ալ սպառնալիքները մեծաթիւ են ու նորոգուող, բայց եւ այնպէս քաջալերական երեւոյթ նկատեց այն, որ ինքնութեան, մշակոյթի եւ պահանջատիրութեան գործօնները տակաւին տիրական են, եթէ մէկ կողմէ կայ լեզուի նահանջ, բայց ինքնութեան կանչը տակաւին առկայ է:
 
Զեկուցաբերը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի ու Արցախի մասին` լուսարձակի տակ առնելով այն, որ անոնք դրական գործօն կը նկատուին, սփիւռքահայը կը կապուի հարազատ հողին` իբրեւ արմատ: Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունենալը կը նշանակէ մնայուն պայքար մղել, իսկ պայքարը տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր ձեւով ու զէնքերով կը մղուի, եւ բացառուած չէ, որ այդ ընթացքին զոհեր արձանագրուին: Բայց եւ այնպէս, դոկտ. Հ. Ճէպէճեան հաստատեց, որ Սփիւռքը հեռու է զէնքը վար դնելէ: Իր խօսքը աւարտելով ան լուսարձակի տակ առաւ քանի մը կէտ` հայկական Սփիւռքը եւ սփիւռքահայը նոյնանման չեն, սփիւռքեան մարտահրաւէրները եւս միեւնոյնը չեն, պէտք է կառչիլ գաղութներու եւ անոնց ազգային ու մշակութային կեանքի շարունակականութեան պայքարին, Հայաստանը եւ Սփիւռքը պէտք է կարեւոր մղիչ ուժ նկատել` միշտ կառչելով յոյսին:
 
Օրուան Բ. նիստին դոկտ. Հրաչ Գույումճեան ընդհանուր գիծերու մէջ ամփոփեց հաւաքին ընթացքին արտայայտուած գաղափարները: Գնահատելով հաւաքին նիւթերուն հարստութիւնը եւ մասնակիցներու ներկայացումներուն ու գաղափարներու փոխանակման հարուստ որակը, ան հաստատեց, որ կարելի է հաւաքը նկատել խորհրդաժողով մը: Ան ըսաւ, որ հաւաքին ուժականութիւնը հեռու էր վիպապաշտութենէ ու սիրողական մակարդակէ, անոր հիմնական հարցադրումը կը կեդրոնանար հայուն եւ անոր ինքնութեան վրայ, սակայն ժողովը չյանգեցաւ յստակ պատասխաններու, քանի որ ատիկա երկեակ չէ, հաստատեց ան: Լուսարձակի տակ առնելով 21-րդ դարու արհեստագիտական կարելիութիւնները` դոկտ. Գույումճեան նշեց, որ ներկայ սերունդը թուայնացած սերունդ է, եւ երիտասարդութեան ճամբով շատ բան կայ կատարելիք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան կամ գործակցութեան մարզին մէջ, իսկ Հայաստանն ու Սփիւռքը իրար կապուած ու ամբողջացնողներ են, այս հիման վրայ ան ընդգծեց, որ ժամանակը հասած է, որ հայերը իրենք իրենց նային իբրեւ ցանց: Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ գործակցութեան, ան կարեւոր նկատեց Սփիւռքէն դէպի Հայաստան նորաձեւական եւ ստեղծագործական կարելիութիւններով ներդրումները, որոնք թափ կու տան միտքի եւ հետեւաբար կենցաղի բարգաւաճման: Դոկտ. Գույումճեան դիտել տուաւ, որ թէկուզ բաւական քննադատութիւններ հնչած են եւ կը հնչեն Հայաստանի պետական կամ քաղաքական մարմիններուն գործունէութեան նկատմամբ, սակայն պէտք է նաեւ անոր նայիլ իբրեւ պատմութեան արդիւնք, այսինքն` Հայաստանի պարագան նոյնն է, ինչ որ է յետհամայնավարական երկիրներունը: Բայց եւ այնպէս, նշեց ան, Հայաստան ունի իր Սփիւռքի Նախարարութիւնը եւ նախարարը, որ Սփիւռքին հետ կը յարաբերի ոչ թէ ուղղահայեաց, այլ հորիզոնական արեւելումով:
Հաւաքին եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան: Ան եւս գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս նախաձեռնութիւնը, որ կարելիութիւն տուաւ տարբեր մօտեցումներով հասկնալու հայ ինքնութեան ներկան: Նախարարը հիմնականօրէն կարեւոր նկատեց հետեւեալը. «Ի՞նչ ծրագիրներ գտնենք հայը դէպի հայրենիք տանելու», մանաւանդ աշխարհատարած աւելի քան 800 համայնքներով ու անոնց մէջ ապրող բազմաշերտ մշակոյթներով օժտուած հայութեամբ, որոնք հակառակ տարբերութիւններուն, ունին ընդհանուր գիծեր, ինչպէս` արմատ, ինքնագիտակցութիւն, հայրենիք, պատմութիւն, հայրենիքի հետ գիտակցական կապ: Յակոբեան խօսեցաւ հայկական ինքնութեան զարգացման ու պահպանման ուղղութեամբ կատարուող գործին մէջ երկու կարեւոր կէտերու մասին` երիտասարդներու միջոցով արձանագրուած զարգացումները եւ համայնքային կեանքէն հեռացած խումբերը դէպի մեզի բերելը` յայտնելով, որ մենք պէտք ունինք նաեւ այս երկրորդ խումբին: Ան ակնարկեց, որ հայոց պետականութիւնը հզօր է Սփիւռքով, եւ այս առումով նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ այս տարուան սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը, որուն մասնակիցները մեծաւ մասամբ պիտի ըլլան հայկական համայնքներուն մէջ աշխուժ երիտասարդներ, յայտարարեց ան, աւելցնելով, որ նման նախաձեռնութիւններով Սփիւռքի նախարարութեան կազմուելէն ետք Հայաստան ալ աւելի կը ծանօթանայ Սփիւռքին եւ անոր էութեան:
 
Իսկ ինչ կը վերաբերի Սփիւռքին Հայաստանի հետ մշակած կապերուն, նախարարը ըսաւ, որ ամէն բանէ վեր պէտք չէ կորսնցնել հայրենիքին հետ կապի զգացողութիւնը, այսինքն` հայ զգալ եւ հայրենիքին հետ գիտակցական կապ հաստատել: Հայ ինքնութեան ամրապնդման շեշտադրումներ նկատեց պահանջատիրութիւնը, Արցախի հզօրացումը, հայրենիքի հզօրացումն ու զայն արդար ու օրինակելի դարձնելու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական իտէալներ ստեղծելու կարեւորութիւնը: Քաղաքական ինքնութեան առումով, նախարարը յայտնեց, թէ հայ է ան, որ ինքզինք հայ կը զգայ, ունի հայկական արմատներուն կառչածութիւն եւ պատրաստ է աշխատելու ու գործակցելու այդ ուղղութեամբ:
 
Եռօրեայ հաւաքին փակումը կատարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս: Ան յայտնեց, որ հաւաքը հաւաքական ճիգ մըն էր եւ հոլովոյթի մը սկիզբը, որուն նպատակը եզրափակումներ ունենալը չէ, այլ միասին մտածելը, տագնապիլը եւ ապագային նայիլը: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հաւաքին որակը, ցուցաբերուած լրջութիւնը եւ մասնակիցներուն մօտ յանձնառութիւնը: Հաւաքը ինքնաքննարկումի հրաւէր մըն է եւ ճիշդ է, որ ներկայացուած զեկուցումներուն եւ կատարուած զրոյցներուն իբրեւ հետեւանք արտայայտուեցաւ անհանգստութիւն` իր դրական իմաստով, սակայն այս անհանգստութիւնը յառաջ կը բերէ արթնութիւն եւ ինքնաքննութիւն: Հաւաքը կատարեց հարցադրումներ, որոնց ընդմէջէն նախ եւ առաջ մէջտեղ եկաւ Սփիւռքի ինքնութեան համահայկական խնդիր ըլլալու շեշտը, այսինքն` Սփիւռքի հայութեան ինքնութիւնը միայն Սփիւռքին խնդիրը չէ, այլ հայ ազգին առաջնահերթ հարցերէն մէկն է: Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ Սփիւռքը իր հարցերուն չի կրնար մօտենալ ինքնանպատակ ձեւով եւ Հայաստանը անջատելով անկէ, քանի որ վերջինս ալ իր կարեւոր ներդրումը ունի ասոր մէջ: Պէտք է գիտնալ ի՛նչ տալ իրարու եւ ի՛նչ ստանալ իրարմէ, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, երբ անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք կապերուն: Սփիւռքի հզօրացումը կ՛ենթադրէ մեր կառոյցներուն վերաշխուժացումը, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը եւ կարեւոր նկատեց հայ երիտասարդին դերը ասոր մէջ: Այս առնչութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտարարեց, որ Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքը Սփիւռքի գաղութներուն մէջ թեմական մակարդակի վրայ պիտի կազմակերպէ նոյն նիւթով համագումարներ, ինչպէս որ տարի մը առաջ բաժանմունքը կատարած էր երիտասարդութեան եւ համացանցին օգտագործման ու առցանց ըլլալուն կարեւորութեան մասին: Եզրափակելով Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, որ ինքնութեան հարցը բազմերես է ու բարդ եւ սեմինարի ճամբով կարելի չէ հարցեր լուծել. անհրաժեշտ է շարունակել հաւաքական ճիգերը` հասկնալու համար այս բարդութիւնը, քանի որ վերէն հրամայելով ոչ մէկ բան կը փոխուի:

More News