3 July, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔԱԹԱՐԻ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Երկուշաբթի, 3 Յուլիս 2017-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Քաթարի Հայոց Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Արտակ Գաբլանեանը:

Վարչութեան ատենապետը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց երկրէն ներս ստեղծուած կացութեան եւ վերջին օրերու նոր զարգացումներուն մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայ համայնքին ներկայ վիճակին, Ազգային Վարչութեան աշխատանքներուն եւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի տարած աշխատանքներուն մասին:

Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ իմանալէ ետք Քաթարի հայ համայնքին կազմակերպչական դրական ընթացքին մասին, թելադրեց՝ որ Ազգային Վարչութիւնը վերանորոգ նուիրումով շարունակէ իր գործունէութիւնը, յատուկ շեշտ դնելով համայնքի ներքին միասնականութեան ամրապնդման:

More News