28 Հունիսի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շնորհաւորէ Քաթարի Իշխանը

Վսեմաշուք

Շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի

Իշխան Քաթարի

 

Կը շնորհաւորենք Ձերդ Վսեմութեան ընտրութիւնը, որպէս Քաթարի Իշխան: Ձեզի կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն՝ երկրի բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան ի խնդիր Ձեր յառաջիկայ գործունէութեան մէջ. աշխատանք մը, որ ընթացք առաւ Ձեր Վսեմաշուք հօր Շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի օրով, եւ վստահաբար պիտի շարունակուի շնորհիւ Ձեր ճիգերուն ու ձեռք ձգած լայն փորձառութեան:

 

Այս բարեբաստիկ առիթով կը ձայնակցինք Քաթարի մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն, եւ Ձեզի կը մաղթենք քաջառողջութիւն ու ամբողջական յաջողութիւն՝ Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ:

 

Ինչպէս ծանօթ է Ձերդ Վսեմութեան, բաւական մեծ թիւով հայեր հաստատուած են Քաթարի մէջ, որոնք ամենայն սիրով, հպարտութեամբ ու հաւատարմութեամբ իրենց նպաստը կը բերեն Քաթարի առաւել ծաղկման ու բարգաւաճման ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:

 

Անգամ մը եւս հաճեցէք ընդունիլ Մեր շնորհաւորութիւններն ու լաւագոյն մաղթանքները: Թող Աստուծոյ հովանին անպակաս ըլլայ Ձեր վրայէն:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

27 Յունիս 2013

Անթիլիաս, Լիբանան

More News