12 Հունիսի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐԸ

Այս առաւօտ, 12 Յունիս 2017-ին, Անթիլիասի Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ փաստափան Ժոզէֆ Կանիմեանը։ Տիար Կանիմեանի, որ միաժամանակ Ամենեայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ է, կ’ընկերանար Ռամկավար Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու Հիւսիսային Ամերիկայի հայ համայնքին, կաթողիկոսական երկու աթոռներու յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ միջ-կուսակցական գործակցութեան առնչուած հարցերու մասին։ Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս փոխադարձ հասկացողութեան վրայ հիմնուած գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։

More News