7 Հունիսի, 2017

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը իր վերջին նիստին որոշած էր երիտասարդական համագումարներ կազմակերպել՝ շրջանային մակարդակի վրայ։ Սոյն մօտեցումը որդեգրուած էր, որպէսզի երիտասարդական համագումարները հեռու մնան ընդհանրացումներէ եւ մասնակիցները առիթ ունենան արտայայտուելու զիրենք յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ իրենց շրջաններուն առնչուած մտահոգութիւններուն մասին։

 

            Մեկնելով յիշեալ որոշումէն յառաջիկայ Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներու ընթացքին երեք շրջանային երիտասարդական համագումարներ տեղի պիտի ունենան.-

 

Ա) Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, մասնակցութեամբ Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի, Յունաստանի, Քուէյթի, Պահրէյնի, Ապու Տապիի, Տուպայի, Շարժայի եւ Քաթարի շրջաններէն եկող երիտասարդներուն։
Բ) Գանատայի մէջ, մասնակցութեամբ Գանատայի, Արեւելեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Վէնզուէլայի շրջաններէն եկող երիտասարդներուն։
Գ) Թեհրանի մէջ, մասնակցութեամբ Թեհրանի, Իսֆահանի եւ Ատրպատականի թեմերէն եկող երիտասարդներուն։

 

            Յայտնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ վերջին Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, Մայիս 2013-ին յատուկ կերպով շեշտած էին մեր երիտասարդութեան առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը, զանոնք ներարելով մեր եկեղեցւոյ ու ազգային կեանքէն ներս։ Նաեւ յայտնենք, որ 2009 թուականը Վեհափառ Հայրապետը «Երիտասարդութեան Տարի» հռչակած եւ այս առիթով իր հայրապետական պատգամը ուղղած էր երիտասարդութեան։

            Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 2004 թուականէն ի վեր երիտասարդական հարցերու յատուկ բաժանմունք մը ունի, իր վարիչ միաբան հայրով եւ երիտասարդներէ բաղկացած յանձնախումբով եւ ուղղեգիծով։ Նոյնպէս մեր թեմերը, իրենց ներքին պայմաններուն եւ դրուածքին համեմատ ունին իրենց երիտասարդական բաժանմունքները։ Վերջապէս, մեր Ս. Աթոռին հովանաւորութեամբ, մեր երիտասարդները իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական հանդիպումներուն ու համագումարներուն։

 

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

 

More News