2 June, 2017

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ «ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ» ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

22-26 Մայիս 2017-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Տուպայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Առաքելութիւն Եւ Աւետարանչութիւն» (Mission and Evangalism) աշխատանքային յանձնախումբին երկրորդ հանդիպումը։

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն ժողովին մասնակցեցաւ Վանա Կիտցինեան։ Հանդիպումին նպատակն էր յառաջիկայ տարուան ընթացքին Թանզանիոյ (Ափրիկէ) մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային Առաքելութիւն» համագումարին օրակարգը ծրագրել ու դասաւորել։ Վանա Կիտցինեան ներկայացուց «Աւետարանչութիւնը Ոյժի, Քաղաքականութեան Եւ Փտածութեան Ծիրէն Ներս» նիւթը։ Յայտնենք, որ Կաթողիկոսարանիս ներկայացուցիչը անդամ ընտրուած է այս ծրագիրները խմբագրող յանձնախումբին։

More News