1 Հունիսի, 2017

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն վերջերս լոյս տեսաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին 8-րդ հատորը։ Սոյն հատորը իր մէջ կը բովանդակէ Մարտիրոսաց «Օրհնութիւն»ներու կանոնները եւ Մարտիրոսաց «Հարց»երը՝ իրենց սարքերով։

            Ձայնագրեալ շարականներու այս հատորներուն նպատակն է եկեղեցական երգեցողութեանց միատեսակութիւն ստեղծել։ Անոնց մէջ նաեւ պահպանուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդական երգեցողութիւնը։ Այս հատորը հրատարակութեան պատրաստած են Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Բարշ. Սարգիս Սրկ. Յովհաննէսեան։

            Հատորին մեկենասն է Տէր եւ Տիկին Խաչիկ եւ Մարիամ Երէցեան՝ ի յիշատակ իրենց ծնողներուն՝ Յովսէփ ու Վերժին Երէցեանի, ինչպէս նաեւ Գաբրիէլ ու Մարի Կարաւանեանի։

More News