30 May, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Կիպրոսի Դեսպան Տիկ. Քրիսթինա Րաֆթի, քաղաքական հարցերու իր օգնականին ընկերակցութեամբ։

 

            Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ու Կիպրոսի յարաբերութեան, Կիպրոսի մէջ յոյն եւ թուրք համայնքներու միջեւ բանակցութեան եւ Կիպրոսի հայ համայնքին առնչուած հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը եւ իր հիւրը քննարկեցին նաեւ Կիպրոսի նախագահին Լիբանան կատարելիք այցելութեան ծրագիրը։

More News