30 May, 2017

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՇՈՒՆՉՈՎ ՀԱՅՈՑ ՀՈՂԸ ՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի նախօրեակին՝ Կիրակի, 28 Մայիս 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք եւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած քաջարի հերոսներու հոգիներու յիշատակին: Արարողութեանց հանդիսապետեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:

 

            Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Սարդարապատի հերոսամարտին եւ Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան զոյգ առիթներուն նուիրուած յատուկ հանդիսութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան քաղաքական կազմակերպութիւններու, զանազան միութիւններու ու հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ հայորդիներ:

 

            Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան Հայրերուն ուղերձ կարդաց Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առնելով Արամ Մանուկեանի հաւատքի ու կամքի զօրութիւնը, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մէջ տեսաւ հաւատքի, տեսիլքի ու քաջութեան նոյն տիպարը, մասնաւորապէս շեշտելով Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով ընթացող իրաւական դատի գործընթացքը: Հայր Սուրբը ըսաւ, որ «Արամ»ները կու գան ու կ՚երթան, սակայն անոնց գո՛րծն է որ յաւերժ կ՚ապրի ու կը գոյատեւէ:

 

            Այնուհետեւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կատարողութեամբ հնչեցին Սարդարապատի հերոսամարտին նուիրուած ազգային ու հայրենասիրական երգեր, որոնցմէ են «Արեւ Ելաւ»ը, «Հիմի Էլ Լռենք»ը, «Սարդարապատ»ը ու այլ երգեր:

 

            Երգեցողութեանց աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը: Նորին Սրբութիւնը այս առիթով անդրադարձաւ Մայիս 28-ին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած անկիւնադարձային դէպքին, զայն բնորոշելով որպէս «հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ու անկախութեան պայքարին ոգին մարմնացնող թուական»: Հայրապետը իր պատգամին մէջ որպէս տիպարներ այսօրուան մեր կեանքին ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ կաթողիկոսներէն Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր՝ Արամ Մանուկեանը:

 

            Վերոյիշեալ երկու հսկաներուն մասին խօսելով, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց. «Գարեգին Կաթողիկոս սովորական հոգեւորականի սահմաններէն դուրս գալով եւ ճշմարիտ հոգեւորականի ոգիով ու հաւատքով «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մեր զինուորներուն, հերոսներուն ու մեր ժողովուրդին հետ եղաւ: Ան Սարդարապատի ճակատամարտին ոգի, հաւատք ու կամք ներարկեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ այսօր եւս նոյն ոգիով պէտք է առաջնորդուին մեր հոգեւորականները: Իսկ Արամ Մանուկեանը հայ ժողովուրդին հաւատքն ու կամքը արտայայտող հերոսական կեցուածքով «Երեւանը չե՛նք դատարկի» ըսաւ. եւ այսօր մենք որքա՜ն կարիքն ունինք, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Արցախ եւ Սփիւռք, այսպիսի ղեկավարներու, որոնք կարենան իրենց քաղաքական իմաստութեան միախառնել մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգին» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

 

            Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը աւարտեց յիշելով մերօրեայ Սարդարապատեան ոգիով մղուող Արցախեան ճակատումները: «Մայիս 28-ն այսօր եւս կը շարունակուի: Այսօր Արցախի մեր հերոս տղաքը Սարդարապատի ոգիով կը կռուին ըսելով՝ Արցախը մեզի կը պատկանի, Արցախի անկախութիւնը մեր ժողովուրդի իրաւունքն է եւ ո՛չ ոք կրնայ զայն մեզմէ խլել, եւ նոյն այս գիտակցութեամբ է որ դէմ կը դնեն թշնամիի յարձակումներուն ու ոտնձգութիւններուն»: Նորին Սրբութիւնը Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսի շունչով թրծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին:

 

            Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» ու «Հայրապետական Մաղթերգ» զոյգ քայլերգներով, որմէ ետք Հայրապետը բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ ընդունեց շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթութիւններ:

 

More News