21 Մայիսի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՔՈՒԷՅԹ ԿԱՏԱՐԱԾ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Քուէյթ տուած հովուապետական այցելութիւնը լայն արձագանգ գտաւ Քուէյթի արաբատառ թէ անգլիատառ մամուլին մէջ։

 

Անկախ Քուէյթի Էմիրին հետ ունեցած իր հանդիպումին գծով հեռատեսիլներուն ու մամուլին լայն արձագանգին, եկեղեցւոյ օծումէն սկսեալ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւններն ու հանդիպումները կարեւոր տեղ գրաւեցին մամլոյ էջերուն մէջ։

 

Այս ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութեան արժանի է Նորին Սրբութեան իջեւանած հիւրանոցին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին Հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, Քուէյթէն ներս ապրող հայ համայնքին եւ կրօնական ծայրայեղութեան առնչուած հարցերուն։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ պատասխանեց յիշեալ հարցերուն գծով իրեն ուղղուած հարցումներուն։

 

Կը յուսանք, որ Հայաստանի մամուլն ու հեռատեսիլները եւս կ՚արձագանգեն Քուէյթի հայութեան տուած Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան, որ պատմական այցելութիւն մըն էր՝ նոր եկեղեցւոյ շինութեամբ, նոր Առաջնորդարանի հաստատումով եւ Քուէյթի Էմիրին հետ ունեցած իր հանդիպումով։

More News