4 Ապրիլի, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումի ներկայացուցիչները

Հինգշաբթի 4 Ապրիլ 2013ի առաւօտուն, իր գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Global Christian Forum-ը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նոյն կազմակերպութեան նախկին ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Հիւպըր Վան Պիք եւ ներկայ ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Լարի Միլըր եւ Դոկտ. Կապրիէլ Հաշէմ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմեզեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց Վարիչ: 

 

Պատուիրակութիւնը այցելած էր Վեհափառ Հայրապետին նախ տեղեակ պահելու Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումի աշխատանքներուն մասին եւ ունենալու իր տեսակէտները: 

 

Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայն քննարկումի ենթարկելու յիշեալ միջ-եկեղեցական կազմակերպութեան գործունէութիւնը: Միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս իր ունցեած երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ, Վեհափառ Հայրապետը կատարեց շարք մը մատնանշումներ յիշեալ կազմակերպութեան կառոյցին աշխատելաձեւին ու նպատակին մասին եւ ապա ծանրացաւ յառաջիկայ շրջանին անոր որդեգրելիք առաջնահերթներուն վրայ: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց միջ-եկեղեցական գործակցութեան առընթեր միջ-կրօնական գործակցութեան ու գոյակցութեան յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը: Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ կազմակերպութեան աշխատանքներուն:

More News