18 Մայիսի, 2017

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵՆԷ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԸՆԹԱՆԱԼ ԴԷՊԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս դասախօսութիւն մը տուաւ Քուէյթի համալսարանին մէջ, նիւթ ունենալով «Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութիւնը Եւ Հանդուրժողութիւնը (Tolerance)»։

Համալսարանի տնօրէնութեան, դասախօսներու եւ ուսանողներու ներկայութեան իր տուած դասախօսութեան սկիզբը, Վեհափառ Հայրապետը նախ յիշեցուց, թէ քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը, որպէս միաստուածեան կրօններ, իրենց հիմքը կը նկատեն աստուածային յայտնութիւնը։ Աստուածային յայտնութիւնը քրիստոնէութեան եկած է Աստուածաշունչի ճամբով, իսկ իսլամութեան՝ Քուրանի ճամբով։ Հետեւաբար, այս երկու կրօնները բարոյական, բարոյագիտական, հոգեւոր, ընկերային եւ աստուածաբանական հասարակաց սկզբունքներու, արժէքներու եւ ուսուցումներու առընթեր, ունին նաեւ տարբերութիւններ։ Հասարակաց ուսուցումները պէտք է աւելի խորացնել, իսկ տարբերութիւնները՝ յարգել, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ա) Ներածական բաժինէն յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ թէ՛ քրիստոնէութենէն եւ թէ իսլամութենէն ներս, ինչպէս նաեւ իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող կարգ մը հիմնական տարբերութիւններու ու մօտեցումներու մասին. այսպէս՝

1) Հաւատք եւ բանականութիւն։ Քրիստոնէութիւնը կարեւորութեամբ կը շեշտէ հաւատքին եւ բանականութեան դերը քրիստոնէական հաւատքին ու կեանքին առնչուած նիւթերու քննարկման մէջ։ Այլ խօսքով, անհրաժեշտ է քրիստոնէական հաւատքին ու կեանքին հետ աղերս ունեցող նիւթերը քննել բանականութեան ճամբով՝ այնքանով որքան կարելի է։ Իսլամութեան պարագային մօտեցումը ընդհանրապէս հակառակ ուղղութեամբ է։ Փաստօրէն բանականութիւնը դեր չունի հաւատքի հասկացողութեան մէջ. Քուրանի ուսուցումները պէտք է ընդունիլ այնպէս՝ ինչպէս որ արձանագրուած են։ Իսլամութեան համար Քուրանը տառացիօրէն փոխանցուած է Աստուծոյ կողմէ, եւ հետաւաբար, հարկ է անոր տառացիօրէն հետեւիլ։ Հակառակ այն իրողութեան, որ իսլամութեան մէջ այլապէս մօտեցող դպրոցներ յառաջացած են, սակայն ընդհանրապէս իսլամութեան մօտեցումը կը մնայ նոյնը։ Այս բացատրութենէն ետք Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց, որ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան մէջ յատուկ քննարկումի նիւթ դառնայ այս խնդիրը, որովհետեւ ներկայ աշխարհին շարք մը հարցերը ուղղակի կամ անուղղակի առնչուած են այս երեւոյթին։
2) Կրօնք եւ քաղաքականութիւն։ Ընդհանրապէս այն մօտեցումը կայ, թէ իսլամութեան պարագային, կրօնքը եւ քաղաքականութիւնը սերտօրէն միացած են, իսկ քրիստոնէութեան պարագային՝ ոչ։ Այս մարզը եւս յատուկ ուշադրութեան նիւթ պէտք է դառնայ երկխօսութեան ընթացքին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Իսլամութիւնը կրօնքը եւ քաղաքականութիւնը կը տեսնէ մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս, քաղաքականութեան հիմքը նկատելով կրօնական ու բարոյական սկզբունքները։ Թէեւ ներկայ աշխարհին մէջ շարք մը իսլամական երկիրներ փորձած են առաւելագոյն չափով կրօնքը հեռացնել քաղաքականութենէն։ Քրիստոնէութեան պարագային, պատմութեան ընթացքին նոյն երեւոյթը կը տեսնենք շարք մը երկիրներու մէջ։ Խաչակիրներու երեւոյթը ամէնէն պերճախօս վկայութիւնն է։ Ներկայ ժամանակներուն է, որ նոր սահմանադրութիւններու մշակումով յստակ բաժանում մը դրուած է կրօնքին ու քաղաքականութեան միջեւ։ Սակայն, երկու կրօններու պարագային հարկ է յստակեցնել՝ թէ ի՞նչ կը հասկնանք քաղաքականութիւն ըսելով. օրինակ՝ արդարութեան, խաղաղութեան, ընկերային հաւասարութեան, մարդկային իրաւանց եւ նմանօրինակ այլ խնդիրները քաղաքականութեա՞ն միայն կը պատկանին. ո՛չ։ Հետեւաբար, երկու կրօններն ալ պէտք է նման հարցերու գծով յստակեցնեն իրենց դերակատարութեան բնոյթը, սահմանները ու նպատակը։ Երբ կրօնքը քաղաքական գաղափարախօսութեան վերածուի, երբ ան քաղաքական կառոյցներուն հետ նոյնանայ, երբ քաղաքական տուեալ ուղղութիւն մը կ՚որդեգրէ, կը դադրի կրօնք ըլլալէ։
3) Կրօնքը միացնո՞ղ, թէ բաժանող դեր ունի։ Յաճախ կրօնքը հակադիր բեւեռներու վրայ կը գտնուի. այսպէս՝ մէկ կողմէն սէր կը քարոզէ, միւս կողմէն՝ անհանդուրժողութիւնը կը քաջալերէ. մէկ կողմէն՝ արդարութիւն, միւս կողմէն՝ անարդարութիւն. մէկ կողմէն՝ խաղաղութիւն, միւս կողմէն՝ պատերազմ. մէկ կողմէն միութիւն կը քարոզէ, միւս կողմէն բաժանարար դեր կը կատարէ։ Երկու կրօններու ուսուցումներուն ամբողջական ու ճիշդ մեկնաբանութիւնը հեռու պէտք է պահէ կրօնքը նման երկդիմի ու բեւեռացնող մօտեցումներէ։ Կրօնքի ուսուցումներուն տառացի հասկացողութիւնը կրնայ այդ կրօնքին հետեւորդները սխալ ուղղութեամբ առաջնորդել։ Նման մօտեցումը նաեւ առիթ կը ստեղծէ կրօնքի շահագործման։ Ահա միասնաբար քննարկման այլ բնագաւառ մը, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
4) Կրօնքին առանցքային դերը ընկերութեան կեանքին մէջ։ Թէ՛ քրիստոնէութեան եւ թէ՛ իսլամութեան պարագային, կրօնքը պէտք չէ նոյնացնել կառոյցի հետ՝ եկեղեցի կամ մզկիթ։ Կրօնքը ինքզինք արտայայտելու հաստատութենական ձեւեր ունի. սակայն, կրօնքը կեանքի այնպիսի որակ է, ուր Աստուած ներկայ է բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու ճամբով։ Հետեւաբար, այս երկու կրօնները մնայուն ու առանցքային ներկայութիւն են իրենց ընկերութեան կեանքին մէջ, նոյնիսկ այդ ընկերութեան ինքնութիւն եւ ուղղութիւն տուող։ Այս դրական երեւոյթը կ՚արժէ աւելի յստակօրէն ուսումնասիրել տեղի չտալու այնպիսի սխալ մօտեցումներու, որ յաճախ այս երկու կրօնները կը դիմագրաւեն, յատկապէս արեւելեան աշխարհին մէջ։

Բ) Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան հասարակաց ուսուցումներուն մասին, յատկապէս կեդրոնանալով հինգ բնագաւառներու.- խաղաղութիւն, արդարութիւն, սէր, բռնութիւն եւ հանդուրժողութիւն։
Խօսելով իւրաքանչիւր նիւթի մասին, Վեհափառ Հայրապետը մէջբերումներ կատարեց Աստուածաշունչէն եւ Քուրանէն՝ պարզելով տուեալ նիւթին գծով միաստուածեան երկու կրօններու մօտեցման նոյնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ քրիստոնէութեան ու իսլամութեան հաւատքի հիմքը հետեւեալն է.- մէկ Աստուած, մէկ մարդկութիւն եւ մէկ ճակատագիր։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ հակառակ մեր ունեցած տարբեր մեկնաբանութիւններուն, անհրաժեշտ է միջուկը պահել, հիմքը զօրացնել, մանաւանդ շեշտելով փոխադարձ ճանաչողութեան, յարգանքի, հասկացողութեան ու հանդուրժողութեան կենսական կարեւորութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ տիեզերքի արարիչը նոյն Աստուածն է. տիեզերքին մէջ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններն ու զանազանութիւնները կու գան Աստուծմէ. կարեւոր է տարբերութիւն դնել աստուածաստեղծ զանազանութիւններուն ու մարդաստեղծ զանազանութիւններուն միջեւ։ Նոյն ընկերութեան մէջ կ՚ապրինք՝ մեր տարբերութիւններով. անհրաժեշտ է պահել մեր տարբերութիւնները, սակայն հասարակաց հասկացողութիւններու շուրջ համախմբուիլ եւ հասարակաց կեանքի ու գործակցութեան առանցքը զօրացնել։

Գ) Ինչպէ՞ս կարելի է երկխօսութիւնը վերածել գործակցութեան։
Այս բաժինին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց.-
ա) Աստուածաբանական երկխօսութեան մէջ ներառել այնպիսի հարցեր, որոնք այժմէական բնոյթ ունին եւ անմիջականօրէն առնչուած են ներկայ ընկերութեան կեանքին. օրինակ՝ ծայրայեղութեան, բռնութեան, անարդարութեան հարցերը։ Երկխօսութեան հանդիպումները առիթ պէտք է հանդիսանան ո՛չ միայն մեր տեսակէտները պարզելու, այլ նաեւ միասնաբար հասարակաց եզրեր որոնելու, որպէսզի կարենանք երկխօսութիւնը վերածել գործակցութեան։
բ) Երկրորդ կէտը այս ծիրէն ներս, նոյն ընկերութեան մէջ հանդուրժողութեան մթնոլորտին մէջ միասին ապրելու հրամայականն է։ Ներկայ ընկերութիւնները բազմակրօն, բազմացեղ ու բազմամշակոյթ նկարագիր ունին։ Մենք կոչուած ենք զիրար ընդունելով միասին ապրելու, մէկ կողմէ ընկերութեան հասարակաց սկզբունքներուն հաւատարիմ ըլլալով, եւ միւս կողմէ մեր ունեցած տարբերութիւնները յարգելով։
գ) Երկխօսութիւնը մեզ պէտք է առաջնորդէ գործակցութեան։ Ա՛յս է հիմնականը։ Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը ես կը նկատեմ ոչ միայն կարելի, այլ նաեւ կենսական, առաջնահերթ, որպէսզի կարենանք միասնաբար ներկայ աշխարհին մարտահրաւէրները ու տագնապները դիմագրաւել։ Այս ուղղութեամբ Արամ Ա. Հայրապետը մատնանշեց հետեւեալ մարզերը, ուր կարելի է լուրջ գործակցութիւն զարգացնել քրիստոնէութեան ու իսլամութեան միջեւ.- Աշխարհիկութիւն (secularism), բռնութիւն (violence), հանդուրժողութիւն (tolerance), խաղաղարար դերակատարութիւն (peace building), արդարութեան ջատագովութիւն (justice promoting), կենսոլորտի պահպանում (safeguarding human and ecological life)։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան տասը հազար ուսանող ունեցող համալսարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ համալսարանի նախագահին եւ գլխաւոր բաժանմունքներու դասախօսներուն կողմէ։ Թէ՛ դասախօսութենէն առաջ եւ թէ՛ դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։ Յայտնենք, որ դասախօսութեան սկիզբը համալսարանի նախագահը ներկաներուն ներկայացուց Նորին Սրբութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութեան աւարտին պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։

More News