15 Մայիսի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՎԵՑ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ԿԸ ՇՆՈՐՀԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԼԱՆՋԱԽԱՉ ԿՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ հետեւեալ վեց միաբան հայրերուն շնորհեց վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք.-

Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան,
Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան,
Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան,
Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան,
Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան,
Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։

Յիշեալ միաբան հայրերը քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած են 2012 թուականին եւ իրենց վարդապետական աւարտաճառերը ներկայացնելէ ետք 2015-ին ստացած են վարդապետական աստիճան։ Ներկայիս Հայր Տաճատը հոգեւոր հովիւ է Ֆրէզնոյի մէջ եւ միաժամանակ կ՚ուսանի. Հայր Նշանը Կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքի վարիչն է. Հայր Պարոյրը հոգեւոր հովիւ է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ եւ միաժամանակ կ՚ուսանի. Հայր Գարեգինը ստանձնած է Դպրեվանքի փոխ-տեսուչի պաշտօնը եւ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին խմբավարութիւնը ու շուտով կը մեկնի Գանատա իր ուսումը շարունակելու եւ հովուական ծառայութեան լծուելու. Հայր Սմբատը հոգեւոր հովիւն է Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին. իսկ Հայր Զարեհը կ՚ուսանի Նիւ Եորքի մէջ եւ շուտով պիտի վերադառնայ Մայրավանք։

More News