15 Մայիսի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՒԷՅԹԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Այս գիշեր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց Քուէյթ եւ օդակայանին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպոյեանի, պետութեան ներկայացուցիչին, Լիբանանի Դեսպանին եւ Հայաստանի հիւպատոսին կողմէ։ Նորին Սրբութեան դիմաւորելու օդակայան եկած էին նաեւ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները։

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը շաբաթ մը պիտի մնայ Քուէյթ՝ որպէս պետութեան հիւրը։

More News