15 May, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՔՈՒԷՅԹ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս երեկոյ կը մեկնի Քուէյթ՝ հովուապետական այցելութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանան Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան. իսկ յառաջիկայ օրերուն, Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան պիտի միանան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, եւ Կաթողիկոսարանի Տնտեսական Յանձնախումբի անդամ՝ Տիար Հրայր Սողոմոնեան։
 
Վեհափառ Հայրապետը շուրջ շաբաթ մը պիտի մնայ Քուէյթ, ուր օծումը պիտի կատարէ նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ, եւ բացումը Ազգային Առաջնորդարանին։ Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Ազգային Վարժարան, ներկայ պիտի ըլլայ ժողովրդային հաւաքներու, պիտի դասախօսէ Քուէյթի համալսարանէն ներս եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմի Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան ու յարակից մարմիններուն հետ։
 
 

More News