9 April, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Մ.Ա.Եկեղեցիներու Գործադիր Վարչութեան ժողով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի 8 եւ 9 Ապրիլ 2013, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան տարեկան ժողովը։ Երեսուն հոգիներէ բաղկացած սոյն ժողովին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Յայտնենք, որ Խորհուրդին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները։

 

Գործադիր Վարչութիւնը յաջորդաբար քննեց վարչական, տնտեսական ու ծրագրային բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր։ Յատուկ քննութեան նիւթ դարձաւ Սուրիայէն եւ Եգիպտոսէն ներս շարունակուող կացութիւնը, եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Այս ուղղութեամբ զեկոյցներ տրուեցան ու Գործադիր Վարչութիւնը շեշտեց մարդասիրական օգնութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ իսլամ համայնքներու հետ երկխօսութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։

 

Գործադիր Վարչութիւնը լսելէ ետք Ընդհանուր Քարտուղարին զեկոյցը անցնող տարուան Խորհուրդին ընդհանուր գործունէութեան մասին, կատարեց իր գնահատանքն ու արժեւորումը, միաժամանակ փոխանցելով իր կարգ մը նկատողութիւնները։ Ապա, Խորհուրդի զանազան բաժանմունքները ներկայացուցին իրենց գործունէութեան զեկոյցները։

 

Նկատի ունենալով, որ Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը՝ Փոլ Ռուհաննան Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ վերջին շրջանին, իր հրաժարականը ընդունելով Գործադիր Վարչութիւնը՝ Գործադիր Ընդհանուր Քարտուղար նշանակեց Տոքթ. Միշէլ Ճալխը։

 

Հանդիպումի աւարտին, Գործադիր Վարչութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Վեհափառ Հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ ընդհանուր կերպով ներկայացնելէ ետք իր աշխատանքին գլխաւոր երեսները, կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան, կառչած մնալու իրենց երկիրներուն ու իրաւունքներուն եւ ամրապնդելու քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը։

 

Գործադիր Վարչութեան յառաջիկայ ժողովը տեղի պիտի ունենայ, ներկայ տարուան Դեկտեմբերին, Անթիլիասի կամ Եգիպտոսի մէջ։    

More News