26 April, 2017

«ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՅԺԵՐ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2017-ի յետ միջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին «Լիբանանեան Ոյժեր» Կուսակցութեան համալսարանական ուսանողները՝ երկխօսութիւն ունենալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան:

Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց ուսանողները։ Ուսանողներու կողմէ համալսարանի դասախօսը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ այս գեղեցիկ առիթը ընծայած է իրենց:

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղելով ուսանողներուն գնահատեց հայ ժողովուրդին ու անոր պատմութեան նկատմամբ իրենց ունեցած հետաքրքրութիւնն ու յարգանքը: Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «Լիբանանեան Ոյժեր» Կուսակցութիւնը միշտ կապուած մնացած է արդարութեան եւ Լիբանանի անկախութեան։ Այսօր եւս, ան կը շարունակէ նոյն ոգիով գործել։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց երիտասարդութեան դերակատարութիւնը ընդհանրապէս ընկերութեան կեանքին մէջ, շեշտելով թէ երիտասարդութիւնը արիւնն է իր պատկանած ընկերութեան: Աշխարհի մեծագոյն յեղափոխութիւնները երիտասարդական եւ ուսնողական շրջանակներէն ծնունդ առած են, յիշեցուց Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը ապագային չէ որ կը պատկանի, այլ՝ ներկային։

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ 102 տարիներ առաջ հայ ժողովուրդը ջարդող նոյն ցեղասպան թուրքին կողմէ ջարդուեցան նաեւ լիբանանցիները՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ: Թուրքիա պէտք է ընդունի պատմական իրողութիւնը։ Անարդարութեան դիմաց պէտք է մենք բոլորս մեր ոյժերը միացնենք, որովհետեւ արդարութիւնը համամարդկային արժէք է եւ սկզբունք, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, երիտասարդները Նորին Սրբութեան ուղղեցին զանազան հարցումներ, որոնք կ՚առնչուէին ընդհանրապէս հայութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայ դատի եւ լիբանանահայութեան։

More News