22 April, 2017

«ԱԶԳ ՄԸ ՉԻ ՄԵՌՆԻՐ, ԵԹԷ ԿԵԱՆՔԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԻ, ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ, ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ` ՏԵՍԼԱԿԱՆ» Պատգամեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մեհրապի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչում:

 

«Ժողովուրդին կամքը … գոյատեւման պատմութիւն» խորագիրը կրող ձեռնարկին Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ պետական նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Լիբանանեան եւ Հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, զինուորականներ եւ լրագրողներ:

 

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչումը սկսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին յղած պատկերասփռուած պատգամով:

 

Վեհափառ Հայրապետը ֆրանսերէնով ողջունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Ապրիլ 24-ի նուիրուած յիշատակի հանդիսութեան կազմակերպումը եւ ըսաւ, որ բոլոր կողմերուն ներկայութիւնը այս ձեռնարկին գործնական եւ յոյժ կարեւոր արտայայտութիւն է զօրակցութեան` հայ արդար դատին: Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր է, իսկ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճրագործութեան պատիժը` ըստ միջազգային օրէնքին, բարոյական, օրինական եւ քաղաքական յանձնառութիւն է, իսկ պատիժէն խուսափիլը` անիրաւութիւն եւ Ցեղասպանութեան շարունակութիւն: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ ըստ միջազգային օրէնքին, մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները եւ մասնաւորաբար այդ ոճիրներուն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անքակտելի են, այլ խօսքով` ճանաչումը կ՛ենթադրէ սխալի ուղղում:

 

Նորին Սրբութիւնը նաեւ նկատեց, որ հայ ժողովուրդը 20-րդ դարուն գործուած ցեղասպանութեան առաջին զոհն է, որ կը շարունակէ աննկուն կամքով արդարութիւն պահանջել, մինչ թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն բռնի կերպով գործադրել իրենց ժխտողական քաղաքականութիւնը: Դժբախտաբար ներկայ իրավիճակին մէջ միջազգային իրաւունքները եւ մանաւանդ մարդկային իրաւունքները ընդհանրապէս կը շարունակեն մնալ պատանդ քաղաքական իրադրութեան: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մենք կրնանք  ուրանալ կամ անտեսել իրականութիւնը, բայց չենք կրնար մոռնալ կամ թաղել զայն: Թուրքիան պէտք է յարգէ իր սեփական պատմութիւնը, փոխէ իր ուրացման եւ ժխտողական ռազմավարութիւնը եւ ընդունի իրականութիւնը. այո՛, իրականութիւնը կը նեղացնէ, սակայն ի վերջոյ ան կ՛առաջնորդէ դէպի հաշտեցում եւ ապաքինում»:

 

Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ պատմութիւնը յստակօրէն կը յայտնէ, որ ազգ մը չի մեռնիր, եթէ կեանքին նկատմամբ հաւատք ունի, անցեալին նկատմամբ հաւատարմութիւն, եւ ապագային նկատմամբ` տեսլական, մանաւանդ եթէ ազգը յանձնառու է իր հոգեւոր, մշակութային, օրինական եւ քաղաքական պայքարին` ի խնդիր իր օրինական իրաւունքներուն: Ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս Լիբանան վճռական դեր կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան շրջանին, իսկ լիբանանցիները` իսլամ թէ քրիստոնեայ, մայրիներու երկրին մէջ բացառիկ ու օրինակելի կերպով եւ արտակարգ հիւրընկալութեամբ իրենց տուներուն մէջ ընդունեցին օսմանեան նախճիրէն ճողոպրած հազարաւոր հայորդիներն ու որբացած հայերը:

 

Ան ըսաւ, որ հայու վերածնունդը սկսած է Լիբանանի մէջ: Այս պատճառով ալ Լիբանան իր յատուկ տեղն ու դերը ունի աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայորդիներուն սրտին մէջ: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ իր ծնողները Ցեղասպանութենէն փրկուած են, եւ իր հայրը ֆրանսական բանակին մէջ զինուորական ծառայութեան աւարտին նախընտրած է մնալ այս երկրին մէջ: Ան ըսաւ. «Ես աչքերս բացի Լիբանանի երկինքին տակ եւ ճանչցայ լիբանանցի ըլլալու իմ պարտականութիւններս, պարտաւորութիւններս եւ պատասխանատուութիւնս: Լիբանանցի ըլլալ չի նշանակեր լիբանանեան անցագիր ունենալ, լիբանանցի ըլլալը հրաւէր է եւ յանձնառութիւն` յանուն ազատ ու գերիշխան Լիբանանի, որ կը յատկանշուի համերաշխութեամբ եւ բազմազանութեամբ` իսկական եւ լիիրաւ միասնականութեան ընդմէջէն»:

 

Վեհափառ հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Ա՛յս է մեր ճանչցած Լիբանանը. ա՛յս է լիբանանահայերուն հաւատամքը, հետեւաբար պէտք չէ կորսնցնենք Լիբանանի լիբանանականութիւնը, այլ պէտք է պաշտպանենք այս երկրի արժէքները, ժառանգութիւնը, սկզբունքները եւ տեսիլքը, որոնք լիբանանեան ինքնութեան իւրայատկութիւնը կը հանդիսանան: Ապրիլ 24-ը հրաւէր է, այլ խօսքով մարտահրաւէր` արդարութիւնը, մարդու արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար: Ա՛յս  է ապրիլ 24-ի պատգամը»:

 

Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք խօսք առին նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, Ռ.Ա.Կ.-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները, որմէ ետք խօսք առաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ: