14 Ապրիլի, 2017

«ԱՅՍՕՐ ՔՐԻՍՏՈՍ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՄԵԶՄԷ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԸ ԻՐ ՀԵՏ ԻՋՆԵԼՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆ ԵՒ ԱՅՆՏԵՂ ԹԱՂԵԼՈՒ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ՄԵՂՔԵՐԸ» ԸՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ  

 

Աւագ Ուրբաթ օրը քրիստոնէական կեանքին մէջ ամէնէն սուրբ եւ խորհրդալից օրերէն մէկն է, որ յիշատակումն է Քրիստոսի Թաղման։ Այս առիթով, Աւագ Ուրբաթ՝ 14 Ապրիլ 2017-ի յետ միջօրէի ժամը 4:00-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Աստուածորդւոյն Թաղման Կարգը։

 

            Նախքան «Խաչի Քո Քրիստոս երկիրպագանեմք» Ս. Խաչին նուիրուած փառաբանական շարականին երգեցողութիւնը, Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղելով հաւատացեալներուն օրուան խորհուրդին ընդմէջէն ընդգծեց Քրիստոսի խաչելութեան ճամբով կատարուած ճշմարիտ փրկագործութեան մասին, որով աշխարհը պիտի առաջնորդուէր երկինքի Թագաւորութիւնը ապրելու երկիրի վրայ: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Մարդուն փրկագործութիւնը դիւրին չէր. այդ մէկը կ՚ենթադրէր գաւազան, չարչարանք, խաչելութիւն, թաղում… եւ այդ բոլորը մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս յանձն առաւ մեզի համար։ Քրիստոս ոչ թէ իր մեղքերուն համար, այլ մեր մեղքերուն համար չարչարուեցաւ, հալածուեցաւ եւ գերեզման իջաւ: Այսօր Քրիստոս կը հրաւիրէ մեզմէ իւրաքանչիւրը Իր հետ իջնելու գերեզման եւ այնտեղ թաղելու մեր բոլոր մեղքերը: Այսօր մենք կոչուած ենք մասնակից դառնալու Քրիստոսի թաղման խորհուրդին, թաղեալ Աստուծորդւոյն հետ թաղելու մեր բոլոր մեղքերը»: Նորին Սրբութիւնը իր պատգամի աւարտին հաւատացեալներու հոծ բազմութեան կոչ ուղղեց անսալու Քրիստոսի հրաւէրին՝ հետեւելու Անոր «Ե՛ս եմ Ճամբան» կոչին, որ դէպի փրկութիւն ու յաւիտենականութիւն առաջնորդող միակ ճշմարիտ ուղին է։

 

            Հայրապետական պատգամէն ետք Նորին Սրբութիւնը Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանին վրայ դրուած «Կենարար Խաչ»ի սրբազան մասունքով օրհնեց ներկայ հաւատացեալներուն հոծ բազմութիւնը։

 

            Ժողովրդային հին աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալներ անցան Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին տակէն՝ լեցուելու Քրիստոսի յաղթական ոյժով եւ Հրաշափառ Յարութեան յոյսով: Հաւատացեալները նաեւ ստացան Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին վրայ գտնուող ծաղիկները՝ անմահութեան յոյսը իրենց հետ տանելու համար իրենց տուները:

 

More News