1 April, 2017

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 1 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մԷջ ընդունեց այցելութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան զօրակցութեան ֆրանսական կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին յիշեալ կազմակերպութեան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի գրասենեակներու ներկայացուցիչները եւ Ֆրանսայի զանազան լրատուական օրկաններու թղթակիցները:
 
Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց Միջին ԱրեւելքԷն ներս քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները, շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ընդհանրապէս կրօններու ու մշակոյթներու փոխ-յարաբերութեան ու գործակցութեան՝ ներկայ աշխարհի հրամայականներուն դիմաց: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդգծեց հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու դարաւոր գործակցութիւնը եւ ցեղասպանութեան գծով Ֆրանսայի որդեգրած դրական մօտեցումը:
 
Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց թղթակիցներուն կողմէ տրուած հարցումներուն:

More News