31 Մարտի, 2017

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ Հ.Հ.Հ.-Ի ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՆՇԱՆ ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

Կազմակերպութեամբ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումին, Ուրբաթ, 24 Մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը արաբական աշխարհի հեռատեսիլի խօսնակ, լաբանանահայ հանրածանօթ դէմք՝ Նշան Տէր Յարութիւնեանի հետ, ուր ներկայ էին համախմբումի անդամներէն անկախ, նաեւ այլ համալսարանաւարտներ եւ համալսարանական երիտասարդ-երիտասարդուհիներ։

            Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Հ.Հ.-ի ատենապետ՝ Յակոբ Հանտեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, վեր առաւ ներկայ դարուս երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, որոնք օրուան զրոյց-հանդիպումին առանցքը կը կազմէին։ Հանտեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով ներկայ արհեստագիտութեան ընձեռած դիւրութիւններուն եւ դժուարութիւններուն մասին՝ ըսաւ. «Վերջին ժամանակաշրջանին գրեթէ ամէն տեղ արհեստագիտութեան պարզած տիրապետումը մեր կեանքէն ներս, իր ընձեռած դիւրութիւններու կողքին, նաեւ ունի իր ժխտական ազդեցութիւնը, մանաւանդ երիտասարդութեան վրայ, որ կ՚առաջնորդէ դէպի դիւրակեցութիւն եւ մակերեսայնութիւն՝ հեռանալով յանձնառութեան ոգիէն եւ հարցերու խորքը թափանցելու պատրաստակամութենէն։ Երեւոյթը մտահոգիչ է սփիւռքահայ երիտասարդութեան համար, իբրեւ մայրենի հողէն հեռու կազմաւորուող անձնաւորութիւններ, որոնք անպայմանօրէն պիտի ըլլան ապագայի առաջնորդներն ու ղեկավարները»։

            Յակոբ Հանտեան եզրափակեց իր խօսքը ներկաները հրաւիրելով զրոյցի՝ խօսելու համար թէ ինչպէ՛ս մեր երիտասարդները պիտի կարողանան յաջողիլ իրենց կեանքին մէջ, հասնիլ իրենց նպատակներուն, եւ ինչպէ՛ս մայրենի հողէն հեռու, միեւնոյն ատեն պիտի կարողանան մնալ լիովին հայ, որպէսզի երաշխաւորեն մեր գաղութին ինքնութեան անաղարտ պահպանումը։ Վերջապէս ան խօսքը փոխանցեց օրուան հիւրին՝ Նշան Տէր Յարութիւնեանին։

            Օրուան հիւրը՝ Նշան Տէր Յարութիւնեան իր խօսքի առանցքը դարձուց իր անձնական փորձառութիւնները, որ ունեցած է որպէս լիբանանահայ երիտասարդ, որ ունեցած է երազներ՝ դառնալու դէմք մը լիբանանեան ընկերութեան մէջ, եւ իբրեւ լիբանանցի տալու իր բաժինը այդ ընկերութեան, սակայն իր մէջ միշտ ամուր պահելով հայկական արմատներու, աւանդութիւններու, սովորութիւններու եւ տեսլականներու իրագործման զգացողութիւնը եւ զանոնք պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։

            Իր խօսքի ընթացքին ան մանաւանդ երիտասարդներուն փոխանցեց ըլլալ «յեղափոխական»՝ կեանքի մէջ իրագործելու համար իրենց ունեցած նպատակները։ Այլ խօսքով, կեանքի ընթացքին մարդոց կողմէ սահմանուած են օրէնքներ, որոնք կրնան ըլլալ անտեղի, հետեւաբար պէտք է ելք գտնել շրջանցելու համար մարդկային կարգ մը «անտեղի» օրէնքները, որպէսզի կարենան հասնիլ իրենց հետապնդած նպատակին։ Այստեղ ի յայտ եկաւ հիւրին երկրորդ կէտը, թէ երիտասարդները պէտք է ըլլան կամքի տէր։ Այո, իբրեւ հայ երիտասարդներ բազում դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւեն ընկերութեան մէջ, երբ անոնք կ՚ուզեն հասնիլ առաջնակարգ դիրքերու եւ դառնալ հանրածանօթ դէմքեր լիբանանեան իրականութեան մէջ։ Ան շեշտեց, որ ունենալ զօրաւոր կամք կը նշանակէ, եթէ առաջին փորձին չկարողացան հասնիլ իրենց մտադրած նպատակին, դարձեալ փորձել, հաւատալով որ անպայմանօրէն կը հասնին իրենց փայփայած երազին։ Եթէ այստեղ հաւատք եւ կամք միաշաղախ առաջնորդեն երիտասարդութիւնը, անոնք անպայմանօրէն կը հասնին իրենց նպատակներուն։

            Նշան Տէր Յարութիւնեան նաեւ անդրադարձաւ արաբերէն լեզուով արտայայտուելու մասին եւ ըսաւ. «Խօսիլ անթերի արաբերէն չի նշանակեր հայերէն չխօսիլ. ըլլալ արաբական աշխարհի դէմք, չի նշանակեր միայն խօսիլ արաբական ընկերութեան մասին եւ ամբողջովին մոռնալ հայկականը։ Երբ մենք լիբանանցի հայեր ենք, կարող ենք երկուստեք զարգանալ եւ պատրաստել մենք զմեզ՝ նպաստելու լիբանանեան եւ հայկական ընկերութեանց»։

            Տէր Յարութիւնեան հարցադրողի իր յատուկ կարողութեամբ հմտօրէն կարողացաւ խօսեցնել ձեռնարկին ներկայ բոլոր ուսանողները եւ երիտասարդները, որոնք տիրող մթնոլորտէն ոգեւորուած խօսեցան իրենց ունեցած փորձառութիւններուն մասին, յայտնելով թէ ինչպէս իրենք որպէս լիբանանահայեր վերաբերուած են ստեղծուած կացութիւններուն հետ։

            Ձեռնարկի աւարտին հիւրասիրութեան մը շուրջ ներկաները շարունակեցին զրուցել, եւ բաժնուեցան՝ դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ։

More News