24 March, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԼԱՏԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ

Ուրբաթ, 24 Մարտ 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի Լատին համայնքի նոր Առաջնորդ Տ. Սեզար Եպս. Եսայեան։ Հայկական ծագում ունեցող Լատին համայնքի հոգեւոր պետը ծառայած է Լիբանանի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իտալիոյ մէջ, քաջածանօթ է թէ՛ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ մեր եկեղեցւոյ պատմութեան։
 
Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով իր նշանակումը, մաղթեց որ Լիբանանի հայութեան հետ մշակէ սերտ գործակցութիւն։
 
Հոգեւոր պետին կ’ընկերանար Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Գէորգ Եպս. Ասատուրեան։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս հայ եւ կաթոլիկ եկեղեցիներու յարաբերութեան, Վեհափառ Հայրապետի վերջերս Վատիկան կատարած այցելութեան եւ Լիբանանի կացութեան։

More News