19 Մարտի, 2017

ԱՆԹԻԼԻԱՍԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԿԵԴՐՈՆ

«ՀԱՐԿ Է ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՄԻՋ-ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

 

ՆՈՐ ԾԱՒԱԼ ՏԱԼ՝ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ
ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Շաբաթ, 18 Մարտ 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Խորհուրդին տարեկան հանդիպումը։ Հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 40 հոգեւորական թէ աշխարհական պատուիրակներ՝ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Խորհրդարանէն ներկայացուցիչներ։

 

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան. ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ «Տէրունական Աղօթք»ով բացուած յայտարարեց համագումարը։

 

Վեհափառ Հայրապետին պատգամը ընթերցեց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներու համախմբումը եւ յիշեցուց՝ թէ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ լուսանցքային ներկայութիւն չէ եղած եւ պէտք չէ ըլլայ. ան ունի յստակ կեցուածք՝ շրջանէն ներս ստեղծուած բոլոր տագնապներուն գծով եւ նպատակասլաց առաքելութիւն։

 

Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար՝ Սամիր Մազլում Մարոնիթ Արքեպիսկոպոսը վարեց սոյն համագումարին ատենապետութիւնը։ Ապա ան հերթաբար հրաւիրեց բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդները, որպէսզի զեկոյց ներկայացնեն իրենց թեմերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն գծով։ Սուրիոյ հայութեան մասին զեկուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

 

Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր տեղեկագիրի աւարտին, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ իրենց հարցումները ուղղելու եւ լուսաբանութիւններ ստանալու։

 

Համագումար-հանդիպումէն ետք պատուիրակները ճաշի հիւրը եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։

 

Համագումարի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը առիթը ունեցաւ զրուցելու Խորհուրդի ատենապետ սրբազանին եւ այլ անդամներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Խորհուրդին կարեւոր դերակատարութեան՝ յստակ կերպով շեշտեց միջ-քրիստոնէական գործակցութեան նոր ծաւալ տալու հրամայականը՝ հաւաքաբար դիմագրաւելու ներկայ մարտահրաւէրները։

More News