3 March, 2017

ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ՄԱՍԻՍ Ծ. ՎՐԴ. ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

 

         Հինգշաբթի, 2 Մարտ 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանք այցելելով, Քուէյթի եւ շրջակայից առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան եւ Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Թեմին առնչուած շարք մը հարցեր ու ծրագիրներ։

         Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձաւ Քուէյթի մէջ շինութեան ու վերանորոգութեան ընթացքին մէջ գտնուող եկեղեցին ու Ազգային Առաջնորդարանը։ Անոնք համակարգիչի ճամբով ցոյց տուին Վեհափառ Հայրապետին կատարուած աշխատանքներուն զանազան հանգրուանները եւ յայտնեցին, որ աշխատանքները դրական ընթացքի մէջ են եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին յառաջիկայ ամիս։ Ճշդուեցաւ եկեղեցւոյ օծումը եւ Ազգային Առաջնորդարանի բացումը կատարել Ուրբաթ 19 Մայիսին։

         Արամ Ա. Կաթողիկոս բարձր գնահատեց Առաջնորդ Հայր Սուրբին ու Ազգային Իշխանութեան եւ քոյր միութիւններու կողմէ կատարուած հետեւողական ու համատեղ աշխատանքը, յատկապէս անցնող վերջին տարիներու ընթացքին եւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Քուէյթի եւ շրջանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

More News