2 March, 2017

ԴԵՍՊԱՆ ՄԻՔԱՅԷԼ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Միքայէլ Մինասեան, որուն կ՚ընկերանար դեսպանատան առաջին խորհրդական՝ Վարդան Կարապետեան։

            Հիւրերը շրջեցան Անթիլիասի Մայրավանքի զանազան բաժանմունքները եւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքը եւ մօտէն ծանօթացան թէ՛ Կաթողիկոսարանի եւ թէ՛ Դպրեվանքի առաքելութեան։ Անոնք իրենց երկօրեայ կեցութեան ընթացքին այցելեցին Մայրավանքի «Կիլիկիա» Թանգարանը եւ Թռչնոց Բոյնի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանը։

            Վեհափառ Հայրապետին առաջարկով, Թանգարաններու մասնագէտ՝ Պրն. Վարդան մօտէն ուսումնասիրեց երկու Թանգարանները՝ իրենց զանազան երեսներով եւ ապա իր արժեւորումն ու թելադրութիւնները փոխանցեց Նորին Սրբութեան։

More News