25 Փետրվարի, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՓՐՕՖԷՍՕՐ ՐԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻՆ

Շաբաթ առաւօտ, 25 Փետրուար 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսէն ժամանած Փրօֆ. Րիչըրտ Յովհաննէսեանին։ Փրօֆէսօրը հանրածանօթ հեղինակ է ցեղասպանութեան եւ ժամանակակից հայոց պատմութեան առնչուած նիւթերը քննարկող բազմաթիւ հատորներու։ Ան նաեւ տասնամեակներէ ի վեր դասախօս է «UCLA» համալսարանէն ներս։

​Այցելութեան ընթացքին Փրօֆէսօր Րիչըրտին ընկերացած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութիւնը։
​Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանրապէս անդրադառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով տարուող աշխատանքներուն եւ յատկապէս Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին եւ ապա Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին։

More News