18 April, 2013

Ֆրանսիս Պապէն նամակ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Ֆրանսիս Պապը իր գահակալութեան պաշտօնական արարողութենէն յետոյ նամակ մը յղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Յիշեալ նամակին մէջ ան իր ՙսրտազգած երախտագիտութիւն՚ը յայտնելէ յետոյ Վեհափառ Հայրապետին ՙցուցաբերած սրտակցութեան ու սիրոյն՝ որ արտայայտուեցաւ պատուիրակութեան ներկայութեամբ գահակալութեան առիթով, Վատիկանի մէջ՚, կ’ըսէ թէ՝ ՙխորապէս զգացուած եմ այս եղբայրական արտայայտութեան, որ ինծի համար հոգեկան գոհունակութեան ու քաջալերանքի աղբիւր մըն է՚:

 

Ապա, Սրբազան Քահանայապետը կ’ըսէ. ՙորպէս հաւատակից եղբայր, խոնարհաբար կը խնդրեմ աղօթքի ճամբով Ձեր օժանդակութիւնը, որպէսզի Տէրը զիս առաջնորդէ իմ նոր առաքելութեանս մէջ՚: Ֆրանսիս Պապը իր նամակը կ’եզրակացնէ ըսելով՝ ՙմիութեան ու գործակցութեան ճամբով մենք պէտք է միասին աշխատինք ի խնդիր աշխարհի խաղաղութեան եւ ծառայութեան՝ աղքատներուն, տկարներուն եւ տառապողներուն՚:

More News