23 February, 2017

«ԱԶԳ ՄԸ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ ՈՒ ԿԸ ՅԱՒԵՐԺԱՆԱՅ ԵՐԲ ԳԻՏԷ ՈՒ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ԻՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ «ՈՉ»Ը ԵՒ «ԱՅՈ»Ն ԸՍԵԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Ազգ մը կը հզօրանայ երբ իմաստութիւնը ունի ժողովուրդին ու հայրենիքին գերագոյն շահերուն շուրջ համախմբուելու»։ Այսպէ՛ս պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պուրճ Համմուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ խորանէն, եկեղեցւոյ մէջ ու եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած բազմահազար հայորդիներու ներկայութեան։

 

Այս տարի ընդառաջելով Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին, Հինգշաբթի, 23 Փետրուար 2017-ին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։

 

Սրբազան արարողութեան ընթացքին իր տուած հայրապետական պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց ղեկավարութեամբ հայ ժողովուրդին հաւաքական կեցուածքին, թէ՝ «այս հաւատքէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ խախտել», եւ բացատրեց «հաւատք» բառին իմաստը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս շեշտեց, թէ քրիստոնէական հաւատքին մէջ մենք նոյնացած կը տեսնենք մեր ազգին ու հայրենիքին, մեր գոյութեան ու յաւերժութեան ապագան ու երաշխիքը. հետեւաբար, կորսնցնել քրիստոնէական հաւատքը պիտի նշանակէր կորսնցնել հայրենիքը ու մեր ինքնութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց Աւարայրի ճակատամարտէն եկող մեր ժողովուրդին ուղղուած այսօրուան պատգամը, յատկապէս անդրադառնալով Ղարաբաղի անկախութեան, Հայաստանի հզօրացման եւ մեր ազգային պահանջատիրութեան ամրօրէն կառչած մնալու հրամայականին։ Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ յիշեցուց, թէ մեր եկեղեցին միշտ եղած է մեր ազգին հետ՝ մեր հայրենիքի կողքին, իր Ղեւոնդ Երէցներով։ Այսօր որքա՜ն մեր եկեղեցին կարիքն ունի Ղեւոնդ Երէցներու, որոնք կարենան իմացեա՛լ մահով իրենց անձերը զոհել մեր ազգին ու հայրենիքին գերագոյն սկզբունքներուն ու շահերուն համար։

 

Յայտնենք, որ Պուրճ Համմուտի մուտքին Արամ Ա. Կաթողիկոս դիմաւորուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդին, Ազգային Վարչութեան անդամներուն, Քաղաքապետին, կուսակցական, համայնքային եւ այլ կառոյցներու պատասխանատուներուն կողմէ։ Օրուան պատարագիչն էր Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Հոծ բազմութեան կողքին Ս. Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը, պետական նախարարներ ու երեսփոխաններ։

More News