6 February, 2017

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ ԵՒ ՈՐԲԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս` ընկերակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի յանձնախումբի փոխ-ատենապետ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, այցելեց Որբերու Թանգարան ու մօտէն ծանօթացաւ այդտեղ տարուող աշխատանքներուն եւ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց Թանգարանը աւելի զարգացնելու ու կազմակերպելու։ Թանգարանի հիմնադրութեան բարերարներն են Տէր եւ Տիկին Ալէքքօ եւ Անի Պէզիքեանները։ Թանգարանի յանձնախումբի ատենապետն է Տիար Ալէքքօ Պէզիքեան։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Թռչնոց Բոյն, ուր հանդիպում ունեցաւ Խնամակալութեան ու Տնօրէնութեան հետ։ Հոս եւս Նորին Սրբութիւնը մօտէն ծանօթացաւ որբերու նկատմամբ տարուող խնամքին, տեղեակ դարձաւ նոր ծրագիրներուն եւ իր գնահատանքը յայտնեց Խնամակալութեան տարած աշխատանքներուն։ Այս առիթով Վեհափառը նաեւ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն իրենց աղօթքներուն, մտածումներուն եւ նուիրատուութիւններուն մէջ միշտ յիշելու Թռչնոց Բոյնը, որ եղած է ու կը մնայ մեր որբերուն եւ դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներու զաւակներուն հոգածութիւն ու խնամք տածող միակ կեդրոնը։

More News