26 Հունվարի, 2017

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երկուշաբթի, 23 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Լիբանանի Թեմի Ազգային վարչութիւնը այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

 
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի անցնող տարուան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութիւնը ներկայացուց իր յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց թեմին ծաւալած գործունէութիւնը եւ այս իմաստով կատարեց նաեւ իր թելադրանքները:
 
Հանդիպումի ընթացքին յատուկ կարեւորութեամբ արծարծուեցան Ազգային Միացեալ Վարժարանի յառաջիկայ տարեշրջանի վերամուտին հետ առնչուած մանրամասնութիւնները: Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ այս արդիական ազգային կրթական օճախը գաղութային կեանքին նոր որակի աշխուժութիւն մը բերելու բոլոր տուեալները ունի` յոյս յայտնելով, որ անիկա արժանանայ համաժողովրդային զօրակցութեան ու գուրգուրանքի:
 
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ եկեղեցի-ժողովուրդ կապի խորացման եւ այս իմաստով թեմի եկեղեցական ծուխերու` կրօնական եւ աշխարհական պատասխանատուներու նոր գործելաոճի մը որդեգրման: Արծարծուեցաւ նաեւ երիտասարդութիւնը ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ ներգրաւելու կարեւորութիւնը:
 
Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց նաեւ Հալէպ իր կատարած հովուապետական այցելութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ տեսակցութեան մասին: Ան հիացմունքով անդրադարձաւ Հալէպի կրօնական եւ ազգային կառոյցներուն ծաւալած աշխուժ գործունէութեան եւ հաստատեց, որ հալէպահայութեան մօտ առկայ է վերականգնումի վճռակամութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ գաղութը եւ ընդհանրապէս սուրիահայութիւնը շուտով պիտի յաջողին գտնել իրենց կեանքի բնականոն ընթացքը:

More News