25 January, 2017

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԾՈՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2017-ին Ապու Տապիի Կաթողիկէ համայնքի կեդրոնէն ներս սկիզբ առաւ Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան հանդիպումը: Սոյն ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ծոցի եկեղեցիներէն ներս պաշտօնապէս պետութեան կողմէ ճանաչում ունեցող եկեղեցիները՝ յատկապէս ոչ Քաղկեդոնական, Ուղղափառ, Աւետարանական եւ Անգլիքան եկեղեցիներու ընտանիքները: Երկու օրերու վրայ տարածուած ժողովներուն գլխաւոր նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ եկեղեցիներու գործունէութեանց, անոնց դիմագրած դժուարութիւններուն ու յատկապէս քննարկել Ծոցի երկիրներու մէջ Քրիստոնեայ եկեղեցիները յուզող հարցերը:

Երկօրեայ ժողովը կը վայելէր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութեան անմիջական զօրակցութիւնը, եւ այս իմաստով ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Միջ-Կրօններու հանդուրժողութեան Նախարար Շէյխա Լուպնա Ալ Գասիմին:

Պետութիւնը նաեւ Քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներուն առիթը ընծայեց Ապու Տապիի մէջ Սըր Պանի Եաս կղզին այցելելու, եւ մօտէն ծանօթանալու 7րդ դարու պատկանող քրիստոնէական վանքի փլատակներուն:

Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, որ ժողովի աւարտին խօսք առնելով յանուն մասնակիցներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հիւրընկալ երկրին ու անոր իշխանութեան, որոնք լայն ազատութիւն տուած են քրիստոնեայ համայնքները պահելու իրենց աւանդութիւնները ու կատարելու ծիսական արարողութիւնը:

More News